Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն: Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն: 

Կարդինալ Թուրքսոնի պատգամը հազուագիւտ հիւանդութիւններու համաշխարհային ԺԳ օրուան առիթով:

Աշխարհի մէջ հազուագիւտ հիւանդութիւններէն տառապող աւելի քան 300 միլիոն մարդ կարիք ունին մեր ուշադրութեան ու խնամքին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հազուագիւտ հիւանդութիւններու ԺԳ համաշխարհային օրուան առիթով, քահանայապետական մարդկային համապարփակ զարգացման խորհուրդի կառավարիչ, կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն պատգամ մը յղած է ուղղուած աշխարհի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու եպիսկոպոսներուն, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն, հիւանդապահներուն, ինչպէս նաեւ բարի կամք ունեցող եղբայրներուն եւ քոյրերուն:   

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ ծիրանաւորը նշած է, որ աշխարհի մէջ հազուագիւտ հիւանդութիւն ունեցող մարդոց թիւը կը հաշուէ 300 միլիոն որոնք  կարիք ունին մեր ուշադրութեան եւ պէտք չէ  որ անտեսուին:

Ծիրնաւորը նշած է նաեւ, որ պէտք չէ մոռնալ առողջապահութեան եւ խնամքի հիմնական իրաւունքը, նամանաւանդ քիչ եկամուտ ունեցող երկիրներուն մէջ, ուր թերի է առողջապահական արդարադատութիւնը:

Հազուագիւտ հիւանդութիւններուն ոլորտէն ներս հիմնական դերակատարութիւն ունի գիտական փնտռտուքը ՝ հիւանդներուն կեանքի բարելաւման համար, ինչպէս նաեւ անոնց  համապատասխան խնամակալութիւն ապահովուելու համար: Գիտական փնտռտուքը իր կարգին կարիքը ունի հիւանդներուն՝ ձեռքբերելու համար հսկայ արդիւնքներ՝ հիւանդներուն առողջապահութեան ի խնդիր: նշած է կարդինալ Թուրքսոն: Ան ապա հրամայական նկատած է միջազգային ընտանիքին աջակցութիւնը՝ երաշխաւորելու համար բոլորին ՝ յատուկէն խոցելի ժողովուրդներուն, արդիւնաւոր առողջապահական համակարգեր:

Ծիրանաւորը պատգամին մէջ ընդգծած է, թէ հազուագիւտ հիւանդութիւններ ունեցող անձերը մեծ ազդեցութիւն ունին իրենց ընտանիքին վրայ՝ ըլլայ հոգեպէս ըլլայ ֆիզիքապէ եւ նիւթապէս:  Հազուագիւտ հիւանդութիւնները փաստօրէն կը ներգրաւեն նաեւ ընտանեկան կեանքի բոլոր երեւոյթները:

Ան պատգամը աւարտած է նշելով, որ իսկապէս գեղեցիկ պիտի ըլլար,  եթէ բոլորս միասին՝ ընտանիքներուն, առողջապահական գործիչներուն,  կամաւորներուն կողքին խնամք տանինք հազուագիւտ հիւանդութիւններէն վարակուած եղբայրներուն եւ քոյրերուն՝ անոնց զգալ տալով, որ ընկերային կեանքին ուժը կը կազմեն:

Կարդինալը պատգամը աւարտած է յանձնելով հազուագիւտ հիւանդութիւններէ տառապողները Տիրամօր հովանիին:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/02/2020, 11:05