Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացում Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացում 

Քորոնա ժահրի վերաբերեալ մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի յորդորը:

Բազմապատկել պատարագներուն թիւը խուսափելու համար հաւատացեալներուն մեծ թիւէն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական մարդկային համապարփակ ժողովին նախագահ Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն, Երկուշաբթի, 24 փետրուարին,Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին քառասնորդաց մեծ պահքի պատգամը ներկայացուած ժամանակ անդրադարձած է  նաեւ Քորոնա ժահրի տարածման ու անոր  կանխարգիլման ուղղութեամբ ձեռնարկուող միջոցառումներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Ծիրանաւոր նշած է թէ քահանայապետական ժողովը մօտէն կը հետեւի եւ կը վերահսկէ քորոնա ժահրի տարածման երեւոյթին եւ պատրաստ է  իր նպաստը բերելու յատուկէն դիւրաբեկ եւ տկար առողջապահական համակարգ ունեցող երկիրներուն մէջ  Քորոնա ժահրի տարածման պարագային:

Կարդինալ Թուրքսոն ապա անդրադառնալով աշխարհի տարբեր թեմերէն ներս Քորոնա  ժահրին կանխարգիլման ուղղութեամբ ձեռնարկուած միջոցառումներուն,  նկատել տուաւ որ  Քորոնա ժահրը դիւրինութեամբ վարակիչ ըլլալով հանդերձ  կարելէ  է շարունակել պատարագ մատուցանել եկեղեցիներէն ներս, սակայն, թելադրեց Ան, հարկաւոր  է բազմապատկել պատարագներուն թիւը, խուսափելու համար  հաւատացեալներուն մեծ թիւի ներկայութենէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2020, 09:42