Վենեզուելացի գաղթականներ Վենեզուելացի գաղթականներ 

Ֆրանչիսկոս Պապի մօտիկութիւնը Վենեզելլուայի ժողովուրդին:

Ֆրանչիսկոս Պապ միշտ կ՝աղօթէ Վենեզուելլային ժողովուրդին համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Ֆրանչիսկոս Պապ անդադար  կ՝աղօթէ համայն վենեզուելլայի ժողովուրդին համար եւ մօտիկէն կը հետեւի երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն,  քաջալերելով ժողովուրդին թիկունք կանգնող տեղեկան եկեղեցին»:

Ունկնդրէ լուրը

 Այս տողերը գրած   է մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովին կառավարիչ Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն, Վենեզուելլայի եւ Քոլոմպիայի սահմանը գտնուող Քուքութա թեմէն ներս կայացած Caridad El La frontera ձեռնարկին մասնակիցներուն, նախաձեռնութեամբ տեղական եկեղեցւոյ եւ համագործակցութեամբ Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովին:

Նշեալ ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Վերոնշեալ Վատիկանեան ժողովի ենթաքարտուղարները:

Կարդինալ Թուրքսոսն, Յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին Վենեզուելլայի ժողովուրդին ուղղած պատգամը ընթերցած է Գերապայծառ Թէժատօ,  Ան  պատգամին մէջ յիշած է Վենեզուելլայի մէջ ծանր տագնապը որուն հետեւանքով Լատին Ամերիկային մէջ պատճառած է 4,5 միլիոն գաղթականները:

Կարդինալ Թուրքսոն նկատել տուած է որ  Caridad el La Frontera ձեռնարկը կը համապատասխանէ ֆրանչիսկոս Պապին  կոչին, որ է զօրակցիլ այն բոլոր ջանքերուն, որոնք կ՝ամոքեն եւ կը թեթեւցնեն Վենեզուելլայի ժողովուրդին ցաւերը:

Կարդինալ Թուրքսոսն իր  եւ մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովին զօրակցութիւն ու նպաստը կ՝ապահովուէ, պատշաճօրէն  համակարգելու համար ,եկեղեցական ցանցի օգնութիւնները, մարդկային տագնապի թիրախ անձերուն ի սպաս

Կարդինալ Թուրքսոս պատգամը աւարտած է հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի վայրկեան մը առաջ համաձայնութիւն գոյացուի,  որպէսզի վերջ դրուի մարդոց տառապանքներուն՝ Վենեզուելլային բարիքին եւ բոլոր տարածաշրջանին համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2020, 11:31