Կարդինալ Քոխ եւ Մետրոպոլիտ Հիլարիոն Կարդինալ Քոխ եւ Մետրոպոլիտ Հիլարիոն 

Հաւանայի մէջ կայացած Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Քիրիլ պատրիարքին միջեւ հանդիպան 4-րդ տարեդարձը:

12 փետրուար 2016-ին, Հաւանայի միջազգային օդակայանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քիրիլ Պատրիարքը ստորագրեցին միասնական յայտարարութիւն մը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորս տարի առաջ, 12 փետրուար 2016-ին,  Հաւանայի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատմական հանդիպում  մը ունեցաւ Ռուսիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ  Քիրիլ Պատրիարքին  հետ: Այս յիշարժան տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած տարբեր ձեռնակներու շարքին Հռոմի  մէջ տեղի ունեցաւ համագումար ինչպէս նաեւ Հռոմի Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան եկեղեցիէն ներս,  Ռուսիոյ սինոդի եւ Սիքստինեան մատրան երկու երգչախումբերու համատեղ համերգ:

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք թէ այս առթիւ, հինգշաբթի, 13 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց  Մոսկուայի Պատրիարքութեան արտաքին յարաբերութիւններուն բաժանմունք նախագահ Մետրոպոլիտ Հիլարիոնը:

Հռոմի Սուրբ Թովմաս Աքուինացի քահանայապետական համասպրանէն ներս գումարուած «սուրբերուն դիմագիծերուն ներքեւ, միութեան նշաններ Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ» խորագիրով համագումարին ելոյթ ունեցաւ  քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան խթանման ժողովին նախագահ՝ Կարդինալ  Քոխ, մինչ Մոսկուայի պատրիարքութեան կողմէ զրուցեց Մետրոպոլիտ Հիլարիոնը:

Յայտնենք թէ չորս տարի առաջ, 12 փետրուար 2016-ին, Հաւանայի միջազգային օդակայանէ ներս կայացած հանդիպումի ծիրէն  Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քիրիլ Պատրիարքը  ստորագրեցին միասնական յայտարարութիւն մը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2020, 10:56