Հայր Լուճի Ճուսսանի խումբ մը երիտասարդներու հետ Հայր Լուճի Ճուսսանի խումբ մը երիտասարդներու հետ 

Սուրբ Պատարագ՝ «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» կաթողիկէ շարժումի հիմնադիր Հայր Ճուսսանիի մահուան 15-րդ տարելիցին առթիւ։

«Հայր Ճուսսանի դարձաւ իսկապէս շատերուն հայր, սիրաշահեցաւ սրտեր, ու սատարեց բարելաւելու աշխարհը, ինչպէս նաեւ աշխարհին դռները բանալու երկինքին»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 22 փետրուար 2020-ի երեկոյեան Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝  Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Հռոմի Սուրբ Կոյս Աստուածամօր նուիրուած Աւագ Տաճար՝ Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքաին մէջ պիտի մատուցէ հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ՝ Աստուծոյ ծառայ՝ Հայր Լուիճի Ճուսսանիի մահուան 15-րդ տարելիցին առթիւ ու անոր հիմնած «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» կաթողիկէ եղբայրութեան քահանայապետական ճանաչում ընդունելուն (11 փետրուար 1982)   38-րդ տարեդարձին առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Աստուծոյ ծառայ Հայր Լուիճի Ճուսսանի ծնած էր 15 հոկտեմբեր 1922-ին Իտալիոյ Տեզիօ քաղաքին մէջ։ 11 տարեկանին մուտք կը գործէ Վենեկանոյի նորընծայարան։ Քահանայ կը ձեռնադրուի 26 մայիս 1945-ին։ Քահանայական ձեռնադրութենէն ետք ան կը շարունակէ Աստուածաբանական մասնագիտութեան իր ուսմունքը եւ 1954-ին կը ներկայացնէ մասնագիտութեան աւարտաճառը։ Այդ տարիներուն ան լաւապէս կը հասկնայ թէ Իտալիոյ ընկերութիւնը կ՛ապրէր նոր յեղաշրջում ու թէ երիտասարդները սկսած էին հեռանալ եկեղեցիէն, ասոր համար մեծաւորներու արտօնութեամբ կը սկսի պետական մէկ դպրոցի մէջ քրիստոնէական  դասաւանդել՝ Միլանի Պերշէ դասական աւագ վարժարան, ուր կը մնայ մինչեւ 1967։

 Դպրոցական միջավայրի մէջ անոր ներկայութիւնը նոր սլացք կու տայ «Ուսանողական երիտասարդութիւն» շարժումին, որ մաս կը կազմէր «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» իտալական բանուորական  շարժումին. Այդ տարիներուն Հայր Ճուսսանի ներշնչում կը քաղէ ստեղծելու  սեփական շարժում մը, որ ապա պիտի դառնայ «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» եղբայրութիւնը, որ տարիներու ընթացքին պիտի տարածուի իտալիոյ դպրոցական եւ համալսարանական միջավայրերէն ներս, ու 1978-ին՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Քահանայապետ ընտրութենէն ետք, շարժումը նոր սլացքով  պիտի սկսի գործել նաեւ Իտալիոյ սահմաններէն դուրս՝ Եւրոպայի, Լատին Ամերիկայի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Երկար տարիներու նուիրական գործունէութեան աւարտին, որոնց ընթացքին Հայր Ճուսսանի երիտասարդներուն ուզեց փոխանցել քրիստոնէական արժէքները, 22 փետրուար 2005-ին, Ան իր  մահկանացուն կը կնքէ Միլանի մէջ։ Անոր Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կը կատարէ՝ որպէս Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ,  այդ ժամանակուայ Հաւատոյ Դաւանանքի Ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Ժոզէֆ Ռացինկեր, ապագայի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը։

Հայր Ճուսսանիի մահուան 7-րդ տարելիցին առթիւ 22 փետրուար 2012-ին Տոն Ճուսսանիի յաջորդը՝ Հայր  Ժուլիան Քարրոնը կը յայտարարէ թէ ներկայացուած է Հայր Ճուսսանիի սրբադասման դատի առաջարկը։

«Հայր Ճուսսանի դարձաւ իսկապէս շատերուն հայրը, սիրաշահեցաւ սրտեր, ու սատարեց բարելաւելու աշխարհը, ինչպէս նաեւ աշխարհին դռները բանալու երկինքին» ըսած է Հայր Ճուսսանիի մասին Ժոզէֆ Ռացինկեր Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2020, 10:04