Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Մալիի հանրապետութեան նախագահին։ Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Մալիի հանրապետութեան նախագահին։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Մալիի հանրապետութեան նախագահին։

Պետական Քարտուղարութեան մէջ կայացած զրոյցներու ընթացքին, որոնք անցան սիրալիր մթնոլորտի մէջ, ընդգծուեցան գոյութիւն ունեցող երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 13 փետրուար 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Մալիի հանրապետութեան նախագահ Տիար Իպրահիմ Պուպաքր Քէյթային, որ ապա հանդիպում ունեցաւ, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրը՝ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար։
Պետական Քարտուղարութեան մէջ կայացած զրոյցներու ընթացքին, որոնք անցան սիրալիր մթնոլորտի մէջ, ընդգծուեցան գոյութիւն ունեցող երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները, խօսուեցաւ Երկրի ներքին կացութեան մասին, յատուկէն անդրադառնալով մարդկային ու ապահովական իրավիճակներու մասին, որոնք սպառնալիքի տակ են կրօնական արմատականութեան ու ահաբեկչութեան տարածումին պատճառաւ։
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանի ու միջազգային հարցերու մասին, որոնց շարքին Սահելի շրջանի մէջ անապահով սնունդի աճումը, գաղթականութեան երեւոյթը ու Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ խաղաղութեան պահպանումը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2020, 12:00