Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Քրիստոնէական կեանքը Աստուծոյ հետ սիրոյ պատմութիւն է» Ֆրանչիսկոս Պապին 13 Յունուարի թուիթը։

Առանց մենք մեզմէ դուրս ելլելու, առանց հանդիպելու, առանց պաշտամունքի Աստուած չի ճանչցուիր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քրիստոնէական կեանքին մէջ բաւարար չէ գիտնալը. առանց մենք մեզմէ դուրս ելլելու, առանց հանդիպելու, առանց պաշտամունքի, Աստուած չի ճանչցուիր։ Քրիստոնէական կեանքը սիրոյ պատմութիւն է Աստուծոյ հետ»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Երկուշաբթի 13 Յունուար 2020-ին հրապարակած մէկ թուիթին մէջ, որուն պարունակութիւնը քաղուած է՝ անցեալ 6 Յունուարին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տօնին օրը Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի քարոզէն, ուր Քահանայապետը մեկնաբանելով տօնին իմաստը, Մոգերուն Բեթղեհէմ ժամանումը՝ Մանուկ Յիսուսին երկրպագելու համար, հրաւիրեց անոնց նման դուրս գալ մենք մեզմէ, ընթանալ դէպի Տէրը, պաշտել զինք ու անոր արտայայտել մեր սէրը։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2020, 13:30