Սուրբ Պօղոս առաքեալ Սուրբ Պօղոս առաքեալ 

2020 Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան աղօթագիրքը պատրաստուած է Մալթայի եւ Կոծօ կղզիներու եկեղեցիներուն կողմէ։

Խորհրդածութեան բնաբանը ընտրուած է Գործք Առաքելոց գիրքէն քաղուած «Մարդասիրութիւն ցոյց տուին մեզի» (Գործք Առաքելոց 28,2) խօսքը, որ կը հայի Սուրբ Պօղոս առաքեալի նաւաբեկութեան ու անոր Մալթա կղզի ժամանումին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամէն տարի քրիստոնեայ աշխարհը Յունուար 18-25 երկարող ութօրէքը կը նուիրէ Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքին, որուն առթիւ եկեղեցիներու եւ աղօթատեղիներու մէջ կը կազմակերպուին համամիութենական աղօթքներ, պատարագներ եւ արարողութիւններ։

Եւ ամէն տարի այդ շաբթուան որպէս խորհրդածութիւններու նիւթ կ՛ընտրուի աւետարանական յատուկ հատուած մը, որուն հիման վրայ կը շարադրուին խորհրդածութիւններ։

Ունկնդրէ լուրը

2020-ի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան խորհրդածութիւններու տետրը պատրաստած են  Մալթայի եւ Կոծօ կղզիներու եկեղեցիները, որոնք որպէս խորհրդածութեան բնաբանը ընտրած են Գործք Առաքելոց գիրքէն քաղուած «Մարդասիրութիւն ցոյց տուին մեզի» (Գործք Առաքելոց 28,2) խօսքը, որ կը հայի Սուրբ Պօղոս առաքեալի նաւաբեկութեան ու անոր Մալթա կղզի ժամանումին։

Նաւաբեկութեան պատմութիւնը կը «վերարաջարկէ մարդկութեան ողբերգութիւնը՝ բնութեան տարրերու ահռելի զօրութեան դիմաց», ինչպէս նաեւ  Սուրբ Պօղոսին կարողութիւնը հանդիսանալու «որպէս խաղաղութեան փարոս մը», այն գիտակութեամբ թէ կեանքը Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ կը գտնուի», գրուած է վերոնշեալ խորհրդածութիւններու տետրին  մէջ, ուր ապա նկատել տրուած է՝ թէ «իրարու հետ անհամաձայն ու իրարմէ տարբեր անձինք, միասնաբար կը փրկուին, ողջագուրուած Աստուծոյ սիրով ու Անոր նախախնամութեամբ»։

Այսօր եւս բազմաթիւ մարդիկ կը դիմագրաւեն այդ նոյն ծովուն սպառնալիքները ու այդ նոյն ափերը կը յատկանշեն այսօրուայ գաղթականներուն պատմութիւնները, մինչ աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ այլ մարդիկ կը դիմագրաւեն վտանգաւոր ճանապարհորդութիւններ, փախչելու համար բնական աղէտներէն, պատերազմներէն ու աղքատութենէն։ Անոնց կեանքերն ալ կը տարուբերուին ահռելի զօրքերէ ու տարածուած անտարբերութեան կեցուածքէ»։

Գործք առաքելոցի այդ հատուածը՝ մեզ կը հարցաքննէ եւ որպէս քրիստոնեաներ մեզ հարցադրել կու տայ եթէ մենք եւս մեղսակից ենք այդ անտարբերութեան ուժերուն, կամ հիւրընկալ ենք ու վկաներ՝ Աստուծոյ սիրալիր նախախնամութեան, ամէն մէկ անհատի նկատմամբ»։

 «Հիւրընկալութիւնը արդարեւ անհրաժեշտ առաքինութիւն մըն է քրիստոնեաներու միութեան փնտռտուքի ուղիով» կը հաստատուի վերոնշեալ խորհրդածութիւններու տետրին մէջ, որ բաժնուած է ութը մասերու ու ամէն օր նուիրուած է մէկ նիւթի. հաշտութիւն, լոյս, յոյս, վստահութիւն, ուժ, հիւրընկալութիւն, դարձ եւ առատաձեռնութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2020, 11:54