Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր  

Սուրբ Աթոռը Միջին Արեւելքին համար կը զօրակցի բանակցային լուծումներուն:

Գերապայծառ Հանսէն հրաւիրած է միջազգային ընտանիքը պահպանելու Սուրբ Երկրի սուրբ վայրերու կարգավիճակը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի, Միջին արեւելքի եւ Պաղեստինի հարցերու քննարկման նիստին ելոյթ ունեցած է նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտի առաքելութեան պատասխանատու, Գերապայծառ Ֆրէտէրիք Հանսենը:

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը, ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն ապահովուած է Սուրբ Աթոռի զօրակցութիւնը, միջազգային ընտանիքին այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք  նպատակաուղղուած են բանակցային լուծումներու զարգացման, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան յանձնառութեան:

Գերապայծառ Ֆրէտէրիք Հանսէն իր ելոյթին մէջ մէջբերած է ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն ուղղած խօսքերէն հատուածներ, որոնց մէջ ֆրանչիսկոս Պապ վերանորոգած է իր մտահոգութիւնը աշխարհի այդ տարածաշրջանի նկատմամբ, ուր այս տարուան սկզիբէն ի վեր լարուած վիճակը մէջ են Իրանի եւ Միացեալ նահանգներուն միջեւ յարաբերութիւնները եւ խոր տագնապի մատնուած  են Լիբանանն ու Իրաքը, իրավիճակ մը, որ մեծ մտավախութիւն կը յառաջացնէ աւելի ընդարձակ բախումներուն հիմքերուն ստեղմծան :

Գերապայծառ Հանսէն իր ելոյթին մէջ կարեւոր նկատած է, որ Միջին արեւելքի եւ Պաղեստինի հայող հարցերը ու մարտահրաւէրները, պէտք են  դիմագրաւուիլ միջազգային ընտանիքին բաց եւ կառուցողական ջանքերով, հիմնուած այն սկզբունքներուն վրայ, որոնց վրայ հիմնուած է ՄԱԿ-ը՝ 75 տարի առաջ: Ան ապա նկատել տուած է, որ Սուրբ Աթոռն ու Քահանայապետը կը շարունակեն յատուկ ուշադրութիւն  ցուցաբերել Սուրբ Քաղաքի՝ երուսաղէմին ու խաղաղութեան քաղաքի կոչումին:

Գերապայծառ Հանսէն հրաւէր ուղղած է միջազգային ընտանիքին՝ պահպանելու Սուրբ Երկրի սուրբ վայրերու կարգավիճակը, որ շատ սիրելի է ըլլայ հրէաներուն, ըլլայ քրիստոնեաներուն եւ  ըլլայ մահմետականներուն եւ յոյժ  կարեւոր կը նկատուի համայն մարդկային ընտանիքին մշակութային ժառանգութեան: Ըսած Է ՄԱԿ- ի մօտ մնայուն դէտի օգնականը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2020, 14:07