«Տարիներու հարստութիւնը» «Տարիներու հարստութիւնը» 

«Տարիներու հարստութիւնը» նիւթով տարեցներու հովուական ծառայութեան նուիրուած համագումարի ներկայացումը։

Կը փափաքիմ եկեղեցի մը որ կը յաղթահարէ տարեցներու մնացորդացի մշակոյթը՝ տարեցներու եւ երիտասարդներու միջեւ նոր ողջագուրումի մը յորդառատ ուրախութեամբ։ Այս է որ կը խնդրեմ Տիրոջմէ՝ այդ ողջագուրումը։ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 28 Յունուար 2020-ի առաւօտեան Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ լրագրողներուն ներկայացուեցաւ Տարեցներու Հովուական Ծառայութեան նուիրուած միջազգային համագումարը, որուն նիւթն է «Տարիներու հարստութիւնը» եւ որ կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Ժողովի նախաձեռնութեամբ, ու տեղի պիտի ունենայ Հռոմի «Աուկուսթինիանում»ի համագումարային կեդրոնի մէջ՝ 29 էն մինչեւ 31 Յունուար 2020։

Նշենք թէ սոյն համագումարը իր տեսակին մէջ  առաջինն է։

Ունկնդրէ լուրը

Համագումարի բացումը նախատեսուած է 29 Յունուարի յետմիջօրէին Սուրբ Աթոռի Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Քեվին Ֆարրելին ելոյթով որ պիտի խօսի Եկեղեցին ու Տարեցները նիւթին մասին, անոր պիտի յաջորդեն հուսկ այլ զեկուցումներ՝ երկարակեցութեան տարիքի մասին ու տարեցները որպէս եկեղեցւոյ հարստութիւն՝ նիւթին շուրջ։  Համագումարի ընթացքին քննարկուած այլ նիւթերէն նշենք նաեւ սերունդներու միջեւ երկխօսութիւնը, տարեցներու կոչումը եկեղեցւոյ ներքոյ, ապա տարեցներուն վերապահուած հովուական ծառայութիւնը։

Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի հինգ ցամաքամասերէ ու 60 երկիներէ աւելի քան 550 մասնագէտներ ու հովուական ծառայութեամբ զբաղող գործիչներ, միասնաբար  խորհրդածելով ու «երկարակեցութեան յեղափոխութեան» նիւթին համար որոնելով պատասխաններ։

Ժողովականները ապա 31 Յունուարին առիթը պիտի ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Քահանայապետը արդարեւ շատ կը սիրէ տարեցները ու իր Քահանայապետութեան շրջանի սկիզբէն ի վեր յատուկէն անդրադարձած է անոնց կարեւոր դերակատարութեան ու անոնց առաքելութեան՝ հաւատքի փոխանցումի ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ անոնց երիտասարդներուն հետ երկխօսութեան մասին ու արմատները պահպանելու անոնց կարեւոր դերի մասին։

Տարեցներու հովուական ծառայութեան նուիրուած վերոնշեալ առաջին համագումարը կ՛ուզէ պատասխան հանդիսանալ ընկերութեան մէջ  յայտնաբերուած երկարակեցութեան նոր երեւոյթի, հասկնալու համար թէ ինչպէս կարելի է դիմագրաւել տարեցներու նկատմամբ «մնացորդացի մշակոյթին» հարցը, ու վերատեսել անոնց այսօրուայ դերը ընտանիքէն ներս ու անոնց կոչումը եկեղեցւոյ ներքոյ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2020, 11:30