Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահը:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը:

Ուրբաթ, 17 յունուարին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահ տիար Ֆէլիքս Անթուան Թշիլոմպօ Թշիէսքէտին, որմէ ետք նախագահը հանդիպում ունեցած է Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, ընկերակցութեամբ պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար կարդինալ Ռիչարտ Կալլակերի:

Այս մասին հաղորդեց, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած թէ վերոնշեալ հանդիպումները կայացած են սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին քննարկումի նիւթ եղած է Վատիկան Քոնկօ երկողմանի բարի յարաբերութիւնները,  գոհունակութեամբ արտայայտուած են  երկու կողմերը հետաքրքրող հարցերի վերաբերեալ, Սուրբ Աթոռի եւ Քոնկոյի հանրապետութիեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրը ուժի մէջ մտնելու մասին:

Հանդիպումի ծիրէն ներս գնահատուած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ՝ Քոնկոյի մէջ  հասարակաց բարիքի ի սպաս եւ ազգային համապարփակ զարգացման գործընթացէն ներս բերած նպաստը յատուկէն դաստիարակչական եւ առողջապահական մարզերէն ներս: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2020, 13:13