Արքեպիսկոպոս Փոլ Կալլակեր Արքեպիսկոպոս Փոլ Կալլակեր 

Արք. Փոլ Կալակեր: «Մարդկային արժանապատուութիւնը Եւրոպայի մէջ եկեղեցւոյ գործունէութեան կեդրոնն է :

Արքեպիսկոպոս Փոլ Կալլակերի ելոյթը՝ Սթրասպուրկի Աստուածաբանական մասնաճիւղէն ներս, կազմակերպուած Սուրբ Աթոռի Եւրոպական խորհուդի մաս կազմելուն 50 ամեակի առթիւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Եւրոպական խորհուրդի մաս կազմելու 50 ամեակի առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն ծիրէն ներս, Սուրբ Աթոռի պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակեր ելոյթ ունեցած է Սթրասպուրկի Աստուածաբանական մասնաճիւղէն ներս:

Ունկնդրէ լուրը

«Մարդու իրաւունքներուն համաձայնագիրը, իսկական անկիւնաքարն է անհատները, որեւէ մարդկային խախտումներուն պարտապանութեան ի խնդիր, որուն շնորհիւ ծաղկած է եւրոպական ինքնութիւն մը՝ հիմնուած կիսուած արժէքներուն-վրայ, որոնք կը գերազանցեն մշակութային տարբերութիւնը: Այսպէս արտայայտուած է Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը Սթրասպուրկի Աստուածաբանական մասնաճիւղէն ներս ունեցած ելոյթին մէջ:

Ան ապա անդրադարձած է Եւրոպական խորհուրդի մարդու իրաւունքներուն համաձայնագիրին 70 ամեակին, որուն  ծիրէն ներս կազմակերպուած է  « այսօրէ ի՞նչ է եւրոպայի տեսլականը» նիւթով  համագումար մը,  ընդգծեց թէ Եւրոպան պէտք չէ երբեք անտեսել իր քրիստոնէական արմատները եւ պէտք է  միշտ առաջարկէ գաղափարներ ոչ միայն կաթողիկէներուն կամ քրիստոնեաներուն համար , այլ իւրաքանչիւր բարքի կամք ունեցող մարդոց համար:

Գերապայծառ Փոլ կալլակեր ելոյթին մէջ յիշեց նաեւ 2014 թուականին ֆրանչիսկոս Պապ Եւրոպական խորհուրդին տուած այցելութիւնը , ընդգծելով Սուրբ աթոռի կեցուածքը մարդու իրաւունքներուն ծիրէս ներս:  Ան շեշտեց դաստիարակութեան կարեւորութիւնը,  նշելով թէ  դաստիարակութիւն կը նշանակէ ընդգրկել մանուկ մը եւ զայն առաջնորդել մինչեւ,  որ անոր բնութիւնը ծլի եւ լիուլի իրականացուի:

Գերապայծառ Կալլակեր  ապա անդրադարձաւ գաղթականութեան հարցին քաջալերով հանդիպումի եւ փոխադարձ յարգանքի զարգացումը : Ան զգուշացուց գաղթականութեան հոլովոյթը մարդավաճառութեան ենթարկուելու վտանգէն:

Վերջապէս ինչ կը հայի Ապու Տապի մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին արքեպիսկոպոսը ընդգծեց միջ կրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս միասնական եւ հասարակաց ջանքերուն գործադրութեան կարեւորութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2020, 10:04