Աստուածային Խօսքի կիրակի Աստուածային Խօսքի կիրակի 

«Աստուածային Խօսքի Կիրակիին» ներկայացումը։

Ուրբաթ 17 Յունուարին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան ներկայացուց առաջին անգամ նշուելիք «Աստուածային Խօսքին նուիրուած» կիրակին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Որովհետեւ հաւատքը յառաջ կու գայ ունկնդրութենէն, եւ ունկնդրութիւնը կեդրոնացած է Քրիստոսի խօսքերուն վրայ, ասոր արդիւնքով բխած հրաւէրը այն հրատապութիւնն ու կարեւորութիւնն է որ հաւատացեալները պէտք է վերապահեն Տիրոջ Խօսքի ունկնդրութեան, ըլլայ ծիսակատարութեան մէջ, ըլլայ աղօթքի ու անձնական խորհրդածութիւններու մէջ»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեզի կը յիշեցնէ որ Աստուածաշունչին ընթերցումը կենսական է հաւատքի ու հաւատացեալներու կեանքին համար, որուն հիման վրայ ան՝ անցեալ 30 սեպտեմբեր 2019-ին, «Aperuit Illis» ինքնագիր նամակով  հաստատեց «Աստուածաշունչի կիրակին», որ այս տարի պիտի յիշատակուի 26 Յունուարին։

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ 17 Յունուարին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Նոր Աւետարանութեան խթանումին Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ՝ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան ներկայացուց առաջին անգամ նշուելիք «Աստուածային  Խօսքին նուիրուած» այդ կիրակիի հայող տեղեկութիւնները, նշելով որ ան ներառուած է «Նոր Աւետարանութեան հովուական ձեռնարկներուն մէջ, նպատակ ունենալով վերարծարծել հաւատացեալներու պատասխանատուութիւնը Սուրբ Գիրքի գիտակցութեան ուղիով»։

Ֆրանչիսկոս Պապը  “Aperuit illis” ինքնագիր նամակին մէջ կը գրէ որ «Աստուածաշունչը՝ Սուրբ Գիրքը, միայն մի քանիներուն վերապահուած ժառանգութիւն չէ, եւ ոչ ալ գիրքերու հաւաքածոյ մը…Ան Տիրոջ ժողովուրդին գիրքն է»։

Քահանայապետը նամակին սկիզբը կը բացատրէ թէ սոյն որոշումը կայացուցած է ի պատասխան բազմաթիւ հաւատացեալներու խնդրանքին որոնք կը պահանջէին որ Եկեղեցւոյ մէջ հաստատուի Աստուծոյ Խօսքին նուիրուած կիրակի մը։

Նամակը կը սկսի Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած հատուածով (Ղուկաս 24, 45) ուր Յարուցեալ Յիսուս կը յայտնուի Եմմաւուսի աշակերտներուն ու կը «բանայ անոնց միտքերը՝ որպէսզի հասկնան Գիրքերը»։

Քահանայապետը ինքնագիր նամակին մէջ, դիտել տալով որ բազմաթիւ հաւատացեալներ ծանօթ չեն Աստուածաշունչին,  կը մատնանշէ՝ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի 2008ին գումարած սիւնհոդոսին, որուն նիւթն էր «Աստուածային խօսքը՝ Եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ», ինչպէս նաեւ անոր «Verbum Domini» առաքելական յորդորագիրին, ապա կը նշէ թէ «Աստուծոյ Խօսքի կիրակին կը հրաւիրէ ամրապնդելու կապերը հրեաներու հետ եւ աղօթելու քրիստոնեաներու միութեան համար», շեշտելով նաեւ այդ կիրակիին համամիութենական արժէքը ու հրաւիրելով զայն ապրիլ եւ կատարել տօնական ու հանդիսաւոր արարողութիւններով, կարեւորութիւն տալով Աստուածաշունչի ընթերցանութեան։

«Այդ առնչութեամբ Քահանայապետը ապա յորդոր կ՛ուղղէ Եպիսկոպոսներուն ու Քահանաներուն, լաւապէս պատրաստելու այդ օրուան քարոզը, որպէսզի պատշաճ կերպով բացատրեն Սուրբ Գիրքին իմաստը, պարզ ու ունկնդրողի ունակութեան համապատասխան ոճով, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը հասնի անոնց սրտին»։

Քահանայապետը կը յորդորէ ապա երբեք չի «կշտանալ» Աստուծոյ Խօսքէն որ միշտ նոր կերպով կը յայտնէ Հօր Աստուծոյ ողորմած սէրը, որ իր զաւակներէն կը խնդրէ ապրիլ  սիրոյ մէջ»։

Յառաջիկայ Կիրակի 26 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Պապը առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Պետրոսի մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը։ Սուրբ Խորանին վրայ պիտի զետեղուի Իռլանդայի պաշտպան սրբուհի՝ Քնոքի սրբավայրէն այդ առթիւ Հռոմ ժամանած Քնոքի Տիրամօր արձանը, որուն պիտի ընկերանան իռլանդացի հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Պատարագի աւարտին Քահանայապետը 40 աստուածաշունչ պիտի նուիրէ առօրեայ կեանքը ներկայացնող 40 անձնաւորութիւններու, մինչ Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի մուտքին Աստուածաշունչի յատուկ տպագրուած օրինակ մը, պիտի բաժնուի բոլոր անոնց որոնք մասնակցեցան սրբազան արարողութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2020, 13:20