Սահակ Բ Մաշալեան Պատրիարքին գահակալութեան արարողութիւն։ Սահակ Բ Մաշալեան Պատրիարքին գահակալութեան արարողութիւն։ 

Վատիկանեան պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Սահակ Բ Մաշալեան Պատրիարքին գահակալութեան արարողութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապը Սահակ Բ նորընտիր Պատրիարքին նուիրած է Լանջախաչ մը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 11 Յունուար 2020-ին  Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան մայր եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք Սահակ Բ-ի գահակալութեան արարողութիւնը, որուն իր  մասնակցութիւնը բերաւ  նաեւ Վատիկանի մէկ պատուիրակութիւնը կազմուած Իսթանպուլի Առաքելական Փոխանորդ եւ Թուրքիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ գերապայծառ Ռուպէն Թիերրապլանքա Կոնզալէսէն, Թուրքիոյ պապական նուիրակութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար գերապայծառ Լուիս Միկել Մունոզ Քարտապայէն եւ Հայր Հիասինթէ Տեսթիվել՝ Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի արեւելեան մասնաճիւղի պաշտօնատարէն։

Ունկնդրէ լուրը

Արարողութեան աւարտին գերապայծառ Ռուպէն Թիերրապլանքա Կոնզաելէսը ընթերցեց Ֆրանչիսկոս Պապին նորընտիր Պատրիարքին յղած բարեմաղթական պատգամը ու Սահակ Բ պատրիարքին յանձնեց Նորին Սրբութեան յատուկ մէկ նուէրը՝ Լանջախաչ մը։

Իսկ պատուիրակութեան անունով յղած իր խօսքին մէջ գերապայծառ Կոնզալէս յիշեց Սուրբ Պօղոս Զ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ., Վաստակաւոր Քահանայապետ՝ Պենետիկտոս ԺԶ եւ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնները Իսթանպուլի հայ պատրիարքութեան ինչպէս նաեւ՝ երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքին Հռոմ կատարած այցելութիւնները:

Արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Արհ Լեւոն Եպիսկոպոս Զէքիյեան՝ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէներու առաջնորդը։

Վատիկանեան Պատուիրակութիւնը 12 Յունուարին եւս մասնակցեցաւ Նորօծ Պատրիարքին մատուցած անդրանիկ Սուրբ Պատարագին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2020, 09:37