Անթոնիանում համալսարանի սրահը Անթոնիանում համալսարանի սրահը 

«Գեղեցկութիւնը մարդը բարի կը դարձնէ. Բնութիւն եւ միջավայր կրթական պայմանագիրի ներքոյ» խորագիրով համագումար։

Համագումարը կազմակերպուած է՝ Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի կողմէ նախաձեռնուած «Վերակառուցել համընդհանուր կրթական պայմանագիրը» ձեռնարկի ծիրէն ներս:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի պատրաստութիւն «Կրթական համաշխարհային պայմանագիր» ձեռնարկին զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտարարած էր 2019-ի սեպտեմբերի 12-ին հրապարակած մէկ պատգամով, եւ որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ յառաջիկայ 14 մայիսին, Հռոմի Քահանայապետական Անոթոնիանում համալսարանը ու Սերաֆիքում Աստուածաբանական հաստատութիւնը 2020-ի 14էն 16 Յունուար 2020-ին կազմակերպած են համագումար մը որուն բնաբանն է «Գեղեցկութիւնը մարդը բարի կը դարձնէ. Բնութիւն եւ Միջավայր կրթական պայմանագիրի ներքոյ»։

Ունկնդրէ լուրը

Համագումարը կազմակերպուած է՝ Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի կողմէ նախաձեռնուած  «Վերակառուցել համընդհանուր կրթական պայմանագիրը» ձեռնարկի ծիրէն ներս, որուն առընչութեամբ տեղի ունեցան այլ նախապատրաստական համագումարներ եւ մինչեւ Մայիս 2020 ծրագրուած են շարք մը այլ հանդիպումներ, որոնցմէ վերջինը նախատեսուած է Ապրիլ ամսուայ վերջաւորութեան։

12 սեպտեմբեր 2019-ին հրապարակած պատգամին մէջ Քահանայապետը ակնարկելով «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին, որուն մէջ հրաւէր ուղղած էր բոլորին՝  միասին համագործակցելու, պաշտպանելու համար հասարակաց տունը ու դիմագրաւելու այդ ուղղութեամբ մարտահրաւէրները, նորոգած էր կոչն ու հրաւէրը միասնաբար զրուցելու մոլորակի ապագայի մասին ու յատկապէս այն հարցին թէ մենք այսօր ինչպէս կը կառուցենք անոր ապագան։

Նորին Սրբութիւնը հրատապ նկատած էր բոլորին ձիրքերու սատարը, «որովհետեւ ամէն մէկ բարեփոխում կարիքը ունի կրթական ուղեւորութեան մը, հասունցնելու նպատակով նոր տիեզերական զօրակցութիւն եւ աւելի հիւրընկալ ընկերութիւն մը» դիտել տուած էր Ան ակնարկելով դաշինքի մը անհրաժեշտութեան։

«Դաշինք երկրի ու հասարակաց տան բոլոր բնակիչներուն միջեւ. Դաշինք որ յարգէ հասարակաց տունը ու ստեղծէ խաղաղութիւն, արդարութիւն, ու մարդկային ընտանիքի պատկան ժողովուրդներու միջեւ հիւրընկալութիւն, ինչպէս նաեւ կրօններու միջեւ երկխօսութիւն» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ հաստատելով որ այդ դաշինքի ուղեւորութիւնը կ՛անցնի «կրթական համակարգէն, որ կ՛ապրի արդի ժամանակներու մշակութային «առաքութեան» տագնապը, ուր թուայնացումը «արուեստագիտութեան արագութեան յորձանքին մէջ կը կալանաւորէ գոյութիւնը», յառաջացնելով նոր ոճեր որոնք առանց խոր թափանցումի կ՛անտեսեն  պատմութեան կողմէ մեզի յանձնուած տիպարները»

Եւ ահա այդ նպատակով է որ Քահանայապետը ձեռնարկած է 14 մայիս 2020  հաւաքը որուն կեդրոնական նիւթն է «վերակառուցել համաշխարհային կրթական պայմանագիրը»։ Հանդիպում վերակենդանացնելու համար նոր սերունդի հետ ու անոր համար յանձնառումը, թարմացնելով գորովը ի նպաստ բաց ու ներառող կրթութեան մը, որ կարող է ըլլալ խթանել համբերատար ունկնդրութիւն, կառուցողական երկխօսութիւն եւ  փոխադարձ իրար  հասկացողութիւն։

«Այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտութիւնը կայ միացնելու ջանքերը, կրթական լայնածաւալ դաշինքի մը ներքոյ, կազմաւորելու համար հասուն մարդիկ, որոնք կարող ըլլան յաղթահարելու մասնատումներն ու հակառակութիւնները ու վերակառուցելու յարաբերութիւններու գործուածքը ի նպաստ աւելի եղբայրական մարդկայնութեան» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամին մէջ առաջարկելով երեք  կարեւոր քայլեր. Քաջութիւնը ունենալ կեդրոն ընտրելու մարդ անհատը։ Քաջութիւն ունենալ ստեղծագործ ու պատասխանատու կերպով լաւագոյն ուժերը ներդրել, ապա քաջութիւն՝ կազմաւորելու տրամադիր անձեր, որոնք իրենք զիրենք դնեն հասարակութեան ծառայութեան տակ։ Յիսուսին նման որ խոնարհեցաւ  ու լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2020, 08:34