Կարդինալ Թուրքսոն Կարդինալ Թուրքսոն 

«Անսալ երկրի եւ աղքատներու ողբին» Կարդինալ Թուրքսոնը Տավոսի տնտեսական համաժողովին։

«Արտակարգ իրավիճակ մը կայ որուն պէտք է ուշադրութիւն դարձնել ու բոլորս պէտք է կասեցնենք աղդ ողբը»:

Տավոսի մէջ Կարդինալ Թուքրսոն, Կ. Պոլսոյ Պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Ա եւ Մոսկուայի Րաբունապետ Կոլտշմիդը՝ կառավարութիւններէն պահանջեցին նոր արուեստագիտութիւնը օգտագործել ի նպաստ հասարակաց բարիքին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Հողը ողբի մէջ է, աղքատները եւս ողբի մէջ են», ասոր համար հոգեւոր Պետերը Տավոսի մէջ ուզեցին խօսիլ համաշխարհային տնտեսութեան սրտին ու հրահրել «փոփոխութիւններու համար համաշխարհային գիտակցութիւն»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացումի ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Փիթըր Թուրքսոն, չորեքշաբթի 21 յունուարի յետմիջօրէին Տավոսի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւԿ. Պոլսոյ Բարթողոմէոս Ա Պատրիարքը եւ Մոսկուայի Րաբունապետ՝ Փինքաս Կոլտշմիտը։

«Արտակարգ իրավիճակ մը կայ, որուն պէտք է ուշադրութիւն դարձնել, ու բոլորս պէտք է կասեցնենք աղդ ողբը», ինչպէս կը նկատէ Ֆրանչիսկոս Պապը «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականին մէջ» ըսաւ Կարդինալ Թուրքոսն հաստատելով որ «նոր արուեստագիտութիւնը պէտք է ծառայէ հասարակաց բարիքին, մարդկութեան բարիքին, երկրին ու անոր բնակիչներուն»։

«Չկայ այլ մոլորակ մը որուն մէջ ապրիլ» ազդարարեց Ծիրանաւորը ու քաղաքական աշխարհէն ու կառավարութիւններէն պահանջեց որ «ճանչնան հաւատքի եւ կրօններու կեդրոնական դերը», դատապարտելով աշխարհականացած երկիրներուն մէջ տարածուած գործելակերպը, որ կրօնները կը սահմանէ «մասնաւոր ոլորտի» մէջ, ժխտելով անոնց  մարդոց կեանքին վրայ ունեցած ազդեցութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2020, 10:21