Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնի Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնի 

Կարդինալ Ֆիլոնին ստանձնեց «Սուրբ Գերեզման» ուխտի աւագ վարդապետի նոր պաշտօնը:

Կարդինալ Ֆիլոնիին ի պատիւ պաշտօնական ընդունելութիւն Հռոմի մէջ գտնուող «Ռովերէ» պալատէն ներս:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 16 յունուարին, Կարդինալ Ֆերնատնօ ֆիլոնին, ստանձնեց «Սուրբ Գերեզման» ուխտի աւագ վարդապետի նոր պաշտօնը:

Ունկնդրէ լուրը

Ծիրանաւորը՝ ուղեկցութեամբ «Սուրբ գերեզման» ուխտին նախկին աւագ վարդապետ՝ Կարդինալ Էտվին Օ Պրէյին, պաշտօնապէս մուտք գործեց Հռոմի մէջ գտնուող «Սուրբ Գերեզման» ուխտի կեդրոնատեղին՝ «Ռովերէ» պալատ, ուր դիմաւորուեցաւ «Սուրբ Գերեզման» ուխտի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու ու անդամներու կողմէ:

Նոր պաշտօնի ստանձնման արարողութեան ծիրէն ներս, բարի գալուստի խօսք արտասանեց «Սուրբ Գերեզման» ուխտի երբեմնի աւագ վարդապետը, որուն մէջ իր եւ ուխտի ասպետներուն զօրակցութիւնը յայտնեց նորանշանակ աւագ վարդապետին :

Բարի գալուստի խօսքէ ետք տեղի ունեցաւ շքանշանի յանձնում:  Պաշտօնական արարողութեան աւարտին, Կարդինալ Ֆիլոնի՝ ընկերակցութեամբ կարդինալ Օ պրէյնի ուղղուեցան  «Ռովերէ» պալատի մէջ գտնուող մատուր՝ պահ մը ամփոփուելու եւ աղօթելու համար: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2020, 13:53