Որոնել

Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին եկեղեցին: Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին եկեղեցին: 

Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքով Ասիզի քաղաքին մէջ «նոր տնտեսութիւն» համագումար:

Համագումարը սերտ առնչութիւն ունի Սուրբ Ֆրանչիսկոսին հետ: «նոր տնտեսութիւն»համագումարին պիտի մասնակցին աւելի քան 2000 երիտասարդներ՝ 115 երկիրներէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 26-էն-28 մարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորութեամբ, Իտալիոյ Ասիզի քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «նոր տնտեսութիւն» խորագիրով համագումար:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքով կազմակերպուած «նոր տնտեսութիւն» համագումարին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն  35 տարեկանէն վար երիտասարդ գործակալներ եւ տնտեսագէտներ: Համագումարին մասնակցելու համար մինչեւ այսօր խնդրագիր ներկայացուցած են, 115 երկիրներէն աւելի քան 3500 անձեր:

Համագումարին մասնակիցները պիտի հիւրընկալուին Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի քաղաքին՝ 12  տարբեր գիւղերուն մէջ:

Համագումարին նիւթ պիտի ըլլայ տնտեսութեան, արդարութեան, հողագործութեան, ուժանիւթի, աղքատութեան, շահի եւ կոչումի հայող հարցեր:

Ասիզի թեմի եպիսկոպոս, գերապայծառ Տոմենիքօ Սորենթինօ, անդրադառնալովվերոնշեալ համագումարին նշեց թէ, համագումարի  ձեռնարկը սերտ առնչութիւն ունի Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին հետ:

Սուրբին կեանքին փորձառութիւնը, ընտրանքները, մեծ արժէք ունին նաեւ մեր այսօրուան տնտեսութեան մէջ: Ըսած է Ասիզիի եպիսկոպոսը աւելցնելով, որ Սուրբ ֆրանչիսկոսն է, որ ընտրանք կատարեց, եսասիրութեան  եւ պարգեւի տնտեսութեան միջեւ:

Սուրբ Ֆրանչիսկոսին՝ իր եպիսկոպոսին եւ հօր առջեւ մերկացումի երեւոյթը, ներշնչումի իքոն է մարտ ամսուան ձեռնարկին եւ այս  պատճառով է, զոր Ֆրանչիսկոս Պապ որոշեց , թէ «նոր տնտեութիւն» խորագիրով ժողովը գումարուի Ասիզի քաղաքին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2020, 11:01