«Տարիներու հարստութիւնը» համագումար։ «Տարիներու հարստութիւնը» համագումար։ 

«Տարիներու հարստութիւնը». Հռոմի մէջ տարեցներու հովուական ծառայութեան նուիրուած համագումար։

550 մասնագէտներ ու հովուական ծառայութեամբ զբաղող գործիչներ, պիտի համախմբուին Հռոմի մէջ խորհրդածելու ու «երկարակեցութեան յեղափոխութեան» նիւթին համար որոնելու պատասխաններ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի  Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Ժողովի նախաձեռնութեամբ, աշխարհի հինգ ցամաքամասերէ ու 60 երկիներէ աւելի քան 550 մասնագէտներ ու հովուական ծառայութեամբ զբաղող գործիչներ, պիտի համախմբուին Հռոմի մէջ խորհրդածելու ու «երկարակեցութեան յեղափոխութեան» նիւթին համար որոնելու պատասխաններ։ 

Ունկնդրէ լուրը

Պատմութեան մէջ այս առաջին անգամն է որ Սուրբ Աթոռը կը կազմակերպէ նման ձեռնարկ մը՝ որուն նպատակն է հովուական գետնի վրայ քննարկում կատարել նիւթի մը շուրջ, որ յառաջիկայ  տարիներուն պիտի յատկանշէ ընկերութեան ու եկեղեցւոյ կեանքը։

Համագումարը բաժնուած է երեք նիւթերու. Առաջինը նուիրուած է մնացորդացի մշակոյթին ու թէ ինչպէս եկեղեցին իր ողորմած դէմքը կը բացայայտէ միշտ մօտիկութիւն ցուցաբերելով տարեցներուն։ Երկրորդ նիւթը որպէս կեդրոն ունի ընտանիքը  ու անոր պատասխանատուութիւնը՝ տարեցներուն նկատմամբ։ Անոնք արդարեւ կանչուած են ճանչնալու կեանքին պարգեւը ու փոխանցուած հաւատքը, ապրելով հովուական դարձ մը, որ կեդրոնացած ըլլայ երախտագիտութեան վրայ։

Եկեղեցին չի կրնար ընդունիլ որ տարեցները զերծ մնան ընտանեկան միջավայրէն ու երբ այս մէկը պակսի Եկեղեցին կանչուած է  դառնալու ընտանիք մը, բոլոր անոնց համար որոնք մինակութեան մէջ են։ Տարեցները կարիքը ունին ընտանիքի մը ու ընտանիքները կարիքը ունին տարեցներուն։

Վերջին բաժինը նուիրուած է տարեցներու կոչումին՝ եկեղեցիէն ներս։ Արդարեւ երկարակեցութիւնը ու առողջական պայմաններու ընդհանրացած  բարելաւումը բազմաթիւ անձերուն շնորհեցին կեանքի նոր եղանակ մը՝ ազատ աշխատանքային կաշկանդումներէ։

Աւետարանին մէջ թոշակաւորեր չկան։ Տարեցներու հովուական ծառայութեան միջազգային համագումարը կը միտի ըլլալ լոկ խորհրդածութեան ուղեւորութեան մը սկիզբը, զոր Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի վատիկանեան բաժանմունքը որոշեց ի գործ դնել գործնական պատասխան տալու համար այդ հարցին։

Ասոր համար  է որ բաժանմունքին ներքոյ ստեղծուեցաւ նաեւ յատուկ գրասենեակ մը, որ մշտական կերպով պիտի զբաղի տարեցներու հովուական ծառայութեամբ, նաեւ «տարիներու հարստութիւնը» վերագիրով վերոնշեալ համագումարէն բխած առաջարկներու լոյսին ներքոյ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2020, 08:27