Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին այցելեց Միլանոյին Օփերա բանտը:

Ծիրանաւորը բանտէն ներս օրհնութիւնը կատարեց նշխարներու գործարանին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով այցելեց Միլանօ քաղաքի մէջ գտնուող Օփերա անուան բանտը:
Բանտ ժամանումին ծիրանաւորը դիմաւորուելէ ետք բանտի փոխ տնօրէնին եւ կարգ մը կամաւորներուն կողմէ, բանտէն ներս օրհնութիւնը կատարեց «Հացին իմաստը» անուան գործարանի ուր կը պատրաստուին ու կ՝արտադրուին նշխարներ:

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք, որ 2015 ին Ողորմածութեան յոբելենական տարուան ընթացքին նշեալ գործարանին մէջ պատրաստուած ապա ժողովրդապետութիւններու բաշխուած են աւելի քան երեք միլիոն նշխար:
Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին աղօթք բարձրացուց առ Աստուած Օփերա բանտին մատուրէն ներս ներկայութեամբ բանտարկեալներուն, որոնց փոխանցած իր սիրտին խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ՝եղբայրական, համեստ, գեղեցիկ ընդունելութեան:

Ան ապա Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները փոխանցեց բոլորին նշելով որ ֆրանչիսկոս Պապ իր սիրտի մէջ կը կրէ բանտարկեալներու ապրած իրավիճակը:

Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը բանտարկեալներուն նկատմամբ, լոկ մարդկային կեցուած մը չէ , այլ իբրեւ Յիսուսի իսկական առաքեալներ անիկա պարտականութիւն է:

Ֆրանչիսկոս Պապին տարեդարձին օրը, Օփերա բանտի մէջ որոշում առնուեցաւ շաբաթուան մէջ օր մը աղօթել ֆրանչիսկոս Պապին համար:  «Հացի իմաստ»աշխատանոցէն բանտարկեալներ, իրենց կարգին պատրաստեցին այլ անձեր՝ նշխարներուն աշխատանոց բանալու համար աշխարհի այլ բանտերէն ներս:

Աշխատանք կը տարուին Մոզոմապիքի, Սպանիոյ, Սրի Լանքայի կարգ մը բանտերէն ներս,  նշխարներու գործարաններ բանալու ուղղութեամբ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2019, 12:06