Որոնել

Կարդինալ Քրաժեվսքի Կարդինալ Քրաժեվսքի 

Առաքելական ողորմնաբաշխ Կարդինալ Քրաժեվսքի ժամանեց Լեզւոս կղզի:

Առաքելական ողորմնաբաշխութեան գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Կարդինալ Քրաժեվսքիի Լեզւոս կղզի կատարած այցելութեան վերաբերեալ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 2 դեկտեմբերին, առաքելական ողորմնաբշխութեան գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ առաքելական ողորմնաբաշխ Կարդինալ Քրաժեվսքի, ընկերակցութեամբ Սան Էճիտիօ հասարակութեան կարգ մը պատասխանատուներուն ժամանեց Լեզւոս կղզի, այցելելու համար Լեզպւոս կղզի հասած գաղթականները,  ապա յառաջիկայ 4 դեկտեմբերին, Իտալիա վերադարձին՝ իր հետ պիտի բերէ քաղաքական ապաստանութիւն խնդրող 33 գաղթականներ:

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ յիշուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին 2016 թուականին, ապրիլ ամսոյն Լեզւոս կղզի կատարած այցելութիւնը, ապա Իտալիա վերադարձին Նորին սրբութիւն իր հետ բերաւ Սուրիացի 3 գաղթական ընտանիքներ, որոնց բոլոր ծախսերը յանձն առած էր Սուրբ Աթոռը եւ որոնք հիւրընկալուեցան Սան Էճիտիոյ հասարակութեան մէջ:  Այդ այցելութենէն 3 տարի ետք, ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական ողորմնաբաշխէն խնդրեց, որ Լեզւոս կղզի վերադառնայ Իր աջակցութիւնը փոխանցելու համար գաղթականներուն եւ Լեզւոս կղզիի բնակչութեան, ապա Իտալիա վերադարձին իր հետ բերէ գաղթական երիտասարդներ եւ կարգ մը ընտանիքներ՝ ժամանած Աֆղանիստանէն, Քամերունէն եւ Թոկոյէն:

Պետական գրասենեակներու միջեւ երկար բանակցութիւններէ ետք՝ իրականացնելու համար վերոնշեալ մարդասիրական ծրագիրը, Իտալիոյ ներքին գործոց նախարարութեան արտօնութեամբ, 2 դեկտեմբերին, առաքելական ողորմնաբաշխ Կարդինալ Քրաժեվսքի Լեզւոս կղզի ժամանեց, իր հետ Իտալիա բերելու համար 10 գաղթականներ:   

Այս անգամ եւս գաղթականներուն բոլորս ծախսերը կը հոգայ Սուրբ Աթոռը: Մինչ գաղթականները  պիտի հիւրասիրուին Սան Էճիտիոյ հասարակութեան կեդրոնին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2019, 14:00