Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի 

Կարդինալ Սանտրին յիշեց նահատակ Տէր Յովսէփ քահանայ Պետոյեանը

12 առաքեալներ անուան տաճարին մէջ ծիրանաւորը նախագահեց Տիրամօր անարատ յղութեան տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագին:

Հինգշաբթի, 5 դեկտեմբերին, երեկոյեան, Հռոմի «12 առաքեալներ» անուան Եկեղեցիէն ներս, Արեւելեան Եկեղեցիներուն ժողովին կառավարիչ կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրին նախագահեց  Տիրամօր Անարատ Յղութեան տօնին նուիրուած իննօրեայի Սուրբ Պատարագի արարողութեան,  համապատարագութեամբ Հռոմի մէջ արեւելեան քահանայապետական վարժարաններուն մեծաւորներուն, որոնց շարքին Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարանի Մեծաւոր Գերյ. Նարեկ Վրդ Նաամոյեանը:   

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին տարբեր արեւելեան ծէսերու երգչախումբեր, Լատիներէն, արաբերէն ,Ռուսերէն եւ Հայերէն լեզուներով:

Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած երկարաշունչ քարոզին մէջ կարդինալ Սանտրին մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի Յիսուսի երանութիւններուն մասին ան ապա խօսքը կեդրոնացնելով Աստուածամօր վրայ, յորդորեց Տիրամօր նման ականջալուր ըլլանք Աստուծոյ խօսքին եւ մեր կեանքը կառուցել Քրիստոսին ժայռին վրայ:

Կարդինալ Սանտրին ապա հաստատելով, «այո կարելի է ուրախութեամբ եւ ամբողջականութեամբ պատասխանել Քրիստոսին, Ան յիշեց նահատակ Տէր Յովսէփ Քահանայ Պետոյեանը, ըսելով որ ամիս մը առաջ  սպաննուեցան արեւելեան եկեղեցիներուն զաւակը ՝Տէր Յովսէփ վրդ քահանան Պետոյեանն ու անոր հայրը:  Անոնք,  իրենց թափած արիւնով հաստատեցին, թէ իրենց տունը կառուցած են Քրիստոսի ժայռին վրայ:» 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2019, 13:43