Կարդինալներու Խորհուրդի Ժողովը Կարդինալներու Խորհուրդի Ժողովը 

Կարդինալներու Խորհուրդի ժողովի մասին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը։

Խորհուրդի յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի 2020 Փետրուարին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի՝ 4 դեկտեմբեր 2019-ին լոյս տեսաւ՝  Կարդինալներու Խորհուրդի ժողովի հայող  Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւն մը՝ որուն մէջ կը նշուի որ Խորհուրդը իր հերթական ժողովը գումարեց 2, 3 եւ 4 դեկտեմբերին, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նեաւ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ բացի 4 դեկտեմբերի առաւօտեան նիստէն։

Խորհուրդի անդամները խորացուցին Առաքելական Սահմանադրութեան նախագիծին հայող կարեւոր երկու հարցեր՝ Հռոմի Քուրիայի եւ եպիսկոպոսական  համահաւաք դասերու միջեւ յարաբերութիւնները  ու աշխարհական հաւատացեալներու  ներկայութիւնը ու անոնց պատասխանատու պաշտօններու յանձնումը Քուրիայի ու եկեղեցական կառոյցներու ներքոյ ու այս ուղղութեամբ աստուածաբանակ հովուական հիմքերը։

Ժողովներու ընթացքին Խորհուրդը առիթը ունեցաւ հանդիպելու Կարդինալ Միքայէլ Շզեռնիի հետ որ անոնց ներկայացուց Համա-Ամազոնեան տարածաշրջանին հայող  եպիսկոպոսներու վերջին սիւնհոդոսի մասին տեղեկագիր։

Խորհուրդի յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի 2020 Փետրուարին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2019, 15:12