Կարդինալ Անճելօ Սոտանօ Կարդինալ Անճելօ Սոտանօ 

Կարդինալական դասի աւագերէց Կարդինալ Սոտանօ կը հրաժարի. Քահանայապետը այդ պաշտօնը կը դարձնէ ժամանակաւոր։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեցաւ երբեմնի Պետական Քարտուղար՝ կարդինալ Անճելօ Սոտանոյի կարդինալական դասի աւագերէցի պաշտօնէն հրաժարականը եւ Ինքնագիր մէկ նամակով հաստատեց թէ այդ պաշտօնը կը դառնայ հինգ տարուայ տեւողութեամբ պաշտօն, նորոգուելու կարելիութեամբ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեցաւ երբեմնի Պետական Քարտուղար՝ կարդինալ Անճելօ Սոտանոյի կարդինալական դասի աւագերէցի պաշտօնէն հրաժարականը եւ Ինքնագիր մէկ նամակով հաստատեց թէ այդ պաշտօնը կը դառնայ  հինգ տարուայ տեւողութեամբ պաշտօն, նորոգուելու կարելիութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ 21 դեկտեմբեր 2019-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշուած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունած է Կարդինալ Անճելօ Սոտանոյի Կարդինալական Դասի աւագերէցի պաշտօնէն տարիքի բերումով ներկայացուցած հրաժարականը ու այդ առթիւ հրապարակած է Ինքնագիր նամակ մը որով այդ պաշտօնի տեւողութիւնը սահմանած է հինգ տարիով, նորոգուելու կարելիութեամբ, մինչ պաշտօնը աւարտած Ծիրանաւորի տիտղոսը կը դառնայ «Վաստակաւոր աւագերէց»։

Քահանայապետի սոյն որոշումը հրապարակուեցաւ Հռոմի Քուրիայի հետ անոր ունեցած Սուրբ Ծննդեան աւանդական հանդիպումի աւարտին, որուն ընթացքին 92 ամեայ Կարդինալ Սոտանոն, Քահանայապետին ուղղեց կարդինալական դասի անունով ողջոյնի խօսքը։ Վաստակաւոր աւագերէց Ծիրանաւորը 1978-էն ի վեր վարած է առաքելական նուիրակի պաշտօնը, 1990էն մինչեւ 2005 եղած է Պետական Քարտուղար ապա որպէս Կարդինալական Դասի Աւագերէց  յաջորդը հանդիսացած է Կարդինալ ԺոզէՖ Ռացինկերին։

Ինքնագիր նամակին մէջ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով Կարդինալ Անճելօ Սոտանոյին անոր մատուցած 15 ամեայ ծառայութեան համար, նշեց թէ ի տես աւագերէց կարդինալի անձին վրայ ծանրացած  պարտականութիւններուն, աւելի յարմար նկատած է որ այդ պաշտօնը դառնայ ժամանակաւոր՝ այսինքն հինգ տարուայ տեւողութեամբ, որոնք կարելի է նաեւ նորոգել ու թէ պաշտօնը աւարտած աւագերէցը կ՛ունենայ Վաստակաւոր Աւագերէցի տիտղոսը։

Նշենք թէ Կարդինալական Դասի աւագերէց  կարդինալը կառավարելու իրաւասութիւն չունի ու անոր պաշտօնը մինչեւ այժմ ժամանակի սահմանափակում չունէր։ Աւագերէցի պաշտօնն է գումարել Պապընտիր Ժողովը ու նախագահել այդ ժողովին, եթէ ան ութսուն տարեկանը չէ բոլորած եւ իրաւունք ունի մասնակցելու Պապընտիր ժողովին։ Արդարեւ 2013-ին ութսունը անց Կարդինալ Սոտանոն չէր կարողացած մասնակցիլ Ֆրանչիսկոս Պապը ընտրող կարդինալական հաւաքին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2019, 12:00