Խաչի նկարներ: Խաչի նկարներ: 

Մօտ ապագային եկեղեցին պիտի ունենայ նոր երանելիներ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը կարդինալ Անճելօ Պեչչուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Պեչչուն: Նորին Սրբութիւնը ծիրանաւորին արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովի հետեւեալ երանելիներուն եւ Աստուծոյ ծառաներուն հայող հրամանագիրերը :

Աստուծոյ աղախին Մարիա Լուիճա: աւազանին անունով Մարիա Վեթոթթի: Ան ծնած է 16 նոյեմբեր 1826ին Իտալիոյ մէջ եւ հոգին աւանդած է 3 սեպտեմբեր 1886-ին: Ան հիմնադրուհին եղած  է ֆրանչիսկսեաններուն Adoratrici della Santa Croce միաբանութեան:

Քարոզիչ եղբայրներ միաբանութեան անդամ-  Աստուծոյ ծառայ  Անճելօ Մարինա Ալվարեզ ու անոր 19 ընկերները, որոնք սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին նահատակուեցան իրենց դաւանած քրիստոնէական հաւատքին համար՝ 1936 թուականին:

Սուրբ Տոմենիքօ միաբանութեան անդամ, աստուծոյ աղախին Իսապելլա Սանչեզ Ռոմերօ:  Ան 17 փետրուարին նահատակուած Սպանիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին  քրիստոնէական  դաւանած հաւատքին համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ արտօնութիւն տուաւ, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչին հրապարակելու նաեւ հետեւեալ Աստուծոյ ծառաներուն եւ աղախիններուն մարտիրոսական առաքինութիւններուն հայող հրամանագիրերը:

Աստուծոյ ծառայ Վինչենզօ Մարի Մորելլի, Աստուծոյ ծառայ Անճելօ Սոնզինի, Աստուոյ ծառայ Մոնթէյրօ Տէ Ակուիար, Աստուծոյ ծառայ Կրէկորիօ Թոմասօ Սուարեց Ֆերնանտեց- Աստուծոյ աղախին Մարիա Անճելի ՏԻ Սանթա Թերեզա: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2019, 10:22