Ֆրանչիսկոս Պապ եւ կարդինալ ՏԷ Տոնադիսը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ կարդինալ ՏԷ Տոնադիսը 

Քահանայական ձեռնադրութեան 50 ամեակի առթիւ, աղօթենք ֆրանչիսկոս Պապին դիտաւորութեան:

Ճորճ Մարիօ Պերկոլիոն, քահանայ ձեռնադրուած է 13 դեկտեմբեր 1969ին:

Յառաջիկայ 13 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայական ձեռնադրութեան  50-րդ տարեդարձն է :

Ունկնդրէ լուրը

Հռոմի թեմի տեղակալ արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Անճելօ Տէ Տօնաթիս նամակով մը թեմի եպիսկոպոսներէն, քահանաներէն հաւատացեալներէն խնդրած է,  որ կիրակի 8 դեկտեմբերին, կիրակնօրեայ սուրբ Պատարագի ընթացքին աղօթեն Ֆրանչիսկոս Պապին համար:

Նամակին մէջ ծիրանաւորը գրած է.

«Աստուծոյ գոհութիւն յայտնենք, Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայական ձեռնադրութեան 50 ամեակին համար:

Աղօթենք ,ֆրանչիսկոս Պապին համար, որ յառաջիկայ 13 դեկտեմբերին  կը նշէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 50 ամեակը: Թող Ամենակալը,  Զինք առաջնորդէ Սուրբ Հոգիին  շնորհքով եւ զօրաւիգ կանգնի ու պարգեւէ  համայն եկեղեցւոյ աղօթքներէ յառաջացած մխիթարութիւնը:»

Նշենք, որ Ճորճ Մարիօ Պերկոլիոն, քահանայ ձեռնադրուած է 13 դեկտեմբեր 1969ին, ձեռամբ  Քորտոպա Ռամոն Խօսէ Քասելլանօ Արքեպիսկոպոսին: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2019, 13:05