Որոնել

Յիսնակացի քարոզներ առաքելական պալատի  Ռետեմթորէս Մաթեր մատրան մէջ Յիսնակացի քարոզներ առաքելական պալատի Ռետեմթորէս Մաթեր մատրան մէջ 

Յիսնակացի քարոզներ առաքելական պալատի Ռետեմթորէս Մաթեր մատրան մէջ:

«Մանուկը գտան իր մօր Մարիամի հետ։ Դէպի Ծնունդ՝ Աստուածամօր ընկերակցութեամբ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ  Ծննդեան տօնը կանխող «Գալստեան» կամ «Յիսնակացի» չորս ուրբաթ օրերուն ընթացքին,եւ առ ի պատրաստութիւն մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին Վատիկանի Ռետեմթորէս Մաթեր մատրան մէջ տեղի կ՛ունենան Յիսնակացի խորհրդածութիւնները զոր կը ներկայացնէ Քահանայապետական Տան Քարոզիչը` Քափուչին միաբանութեան անդամ, Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան։

Ունկնդրէ լուրը

2019 տարուայ խորհրդածութիւններու շարքին կեդրոնական նիւթը քաղուած է Մատթէոսի Աւետարանէն «Մանուկը գտան իր մօր Մարիամի հետ։ Դէպի Ծնունդ՝ Աստուածամօր ընկերակցութեամբ», մինչ այս առաջին խորհրդածութեան նիւթն է «Մարիամը Աւետիսի ընթացքին»։

Յիսնակացի խորհրդածութիւններու նիստերուն հրաւիրուած են մասնակցիլ Կարդինալները, Արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսները, Առաքելական Ժողովներու քարտուղարները, Հռոմի Քուրիայի եւ Հռոմի Փոխանորդութեան պատասխանատուները, միաբանութիւններու մեծաւորներն ու ներկայացուցիչները։ Խորհրդածութեան նիստերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2019, 09:16