Գերապայծառ Վենթուրա Գերապայծառ Վենթուրա 

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Ֆրանսայի մօտ առաքելական նուիրակի հրաժարականը։

Գերապայծառ Վենթուրան հրաժարականը ներկայացուց տարիքի բերումով

Ռոպէր Աթթարեան -Վատիկան

Երեքշաբթի 17 դեկտեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաւանութիւն տուաւ Արքեպիսկոպոս Լուիճի Վենթուրային ներկայացուցած հրաժարականին, որ 2009- էն ի վեր կը վարէր առաքելական նուիրակի պաշտօնը։

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Վենթուրան հրաժարականը ներկայացուց տարիքի բերումով։ Անցեալ 9 դեկտեմբերին ան բոլորեց իր 75 ամեակը ու Լատին Եկեղեցւոյ եկեղեցական կանոնագրութեան համաձայն եպիսկոպոսները պարտական են ներկայացնել իրենց հրաժարականը։

Մինչեւ գերապայծառ Վենթուրայի յաջորդին նշանակումը առաքելական նուիրակի պաշտօնակատար կը դառնայ նուիրակութեան առաջին խորհրդատու՝ գերապայծառ Անտրէա Ֆերրանթէն։

Յայտնենք թէ Ֆրանսայի մէջ գերապայծառ Վենթուրայ մեղադրուած է չարաշահումի յանցանքով, եւ անցեալ Յուլիսին Սուրբ Աթոռը անորմէ ետ առած էր եպիսկոպոսի անձեռնմխելիութեան իրաւասութիւնը, որուն մասին արտայայտուելով՝ Սուրբ Աթոռի մամլող գրասենեակը հաստատած է թէ «այս եղաւ արտակարգ որոշում մը՝ որ կը վերահաստատէ Գերապայծառ Վենթուրայի կամքը, ամբողջութեամբ համագործակցելու դատական իշխանութիւններուն հետ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2019, 16:00