Որոնել

Կարդինալ Թակլէ Կարդինալ Թակլէ 

Կարդինալ Թակլէն դարձաւ Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչ։

Ան կը յաջորդէ Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնիին որ միշտ Ֆրանչիսկոս Պապին նշանակութեամբ պիտի ստանձնէ Սուրբ Գերեզմանի Ասպետական կարգի Աւագ Վարդապետի պատասխանատուութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մանիլայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէն նշանակեց  Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչ։  Լուրը յայտարարուեցաւ կիրակի 8 դեկտեմբերին։

Ունկնդրէ լուրը

Ան կը յաջորդէ Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնիին որ միշտ Ֆրանչիսկոս Պապին նշանակութեամբ պիտի ստանձնէ Սուրբ Գերեզմանի Ասպետական կարգի Աւագ Վարդապետի պատասխանատուութիւնը, յաջորդելով յառաջիկայ ապրիլին 80 տարեկանը ամբողջացնող  Կարդինալ Էտուին Ֆրետերիք Օ Պրէյընի։

Կարդինալ Թակլէն Ասիական ցամաքամասէն երկրորդ Ծիրանաւորն է որ պիտի կառավարէ վերոնշեալ Ժողովը, Հնդկացի Կարդինալ Ւվան Տիազէն ետք որ «Փրոփականտա Ֆիտէի» կառավարիչ եղած է 2006էն մինչեւ  2011։

Կարդինալ Լուիս  Թակլէ ծնած է 21 յունիս 1957-ին Մանիլայի մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած է 1982 թուականին եւ իր աստուածաբանական ուսումները աւարտած է Միացեալ Նահանգներու մէջ ու զանոնք խորացուցած է Հռոմի մէջ։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը 2001ին, 44 տարեկանին զայն Իմմուս թեմին Եպիսկոպոս կը նշանակէ։ 13 հոկտեմբեր 2011ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը ապա զայն կ՛անուանէ Մանիլայի Արքեպիսկոպոս ու 2012-ի նոյեմբերն անոր կը շնորհէ Կարդինալական տիտղոսը։

Կարդինալ Թակլէն կը վարէ նաեւ միջազգային Քարիթասի ու Աստուածաշունչի Կաթողիկէ դաշնութեան նախագահի պաշտօնները։

Վերոնշեալ անուանումով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ցոյց կու տայ այն մեծ  ուշադրութիւնը որ ան վերապահած է Ասիական ցամաքամասին։

Իսկ 73 ամեայ կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին որ 2020 սկսեալ պիտի ստանձնէ Սուրբ Գերեզմանի ասպետական կարգի Աւագ Վարդապետի պաշտօնը, իր ետին ունի դիւանագիտական գետնի վրայ մեծ փորձառութիւն։ 2001էն 2006 եղած է առաքելական նուիրակ Իրաքի մէջ, ապա նոյն պաշտօնը մէկ տարի տեւողութեամբ վարած է Ֆիլիփինեան կղզիներու մէջ, հուսկ կանչուած է Վատիկան ուր ստանձնած է Պետական Քարտուղարութեան փոխանորդի պաշտօնը մինչեւ 2011, որմէ ետք նշանակուած է Ժողովուրդներու  Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչ։

Միջին Արեւելիքի մէջ անոր ունեցած փորձառութիւնը մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ ի տես Ասպետական Կարգի միջին արեւելքի քրիստոնեաներուն ի նպաստ տարած առաքելութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2019, 08:00