Սուրբ Պետրոսի մսուրէն տեսարան մը Սուրբ Պետրոսի մսուրէն տեսարան մը 

5 դեկտեմբերին բացումը կը կատարուի Սուրբ Պետրոսի տօնածառին ու Սուրբ Մսուրին։

Մսուրին բացումին ու տօնածառին լուսաւորման արարողութիւնը կը գլխաւորեն Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլօ եւ գերապայծառ Ֆերնանտօ Վերկէզ Ալծակայ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 5 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան 4.30-ին, հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կը կատարուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ զետեղուած աւանդական տօնածառին ու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը խորհրդանշող հսկայական մսուրին, որոնք այս տարի նուէրն են Հիւսիսային Իտալիոյ երկու քաղաքներու՝ Ասիակօ եւ Վալսուկանայ։

Ունկնդրէ լուրը

Մսուրը նուէրն է Թրիվենեթօ նահանգի Վալսուկանայի քաղաքապետարանի մաս կազմող Սքուրելլէ գիւղին, մինչ Եղեւնիի տօնածառը, որուն բարձրութիւնը 26 մեթր է ու լայնութիւնը 70 սանթիմեթր, նուէրն է Ասիակոյի՝ Ռոդզօ քաղաքապետարանին։

Մսուրին բացումին ու տօնածառին լուսաւորման արարողութիւնը կը գլխաւորեն  Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլօ եւ գերապայծառ Ֆերնանտօ Վերկէզ Ալծակայ՝ Վատիկանի Պետութեան նախագահն ու ընդհանուր քարտուղարը, մասնակցութեամբ վերոնշեալ երկու քաղաքներէն ժամանած պաշտօնական պատուիրակութիւններուն։

Նոյն օրը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ պիտի զետեղուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած յատուկ արուեստական մսուր մը՝ որ գործ ու նուէրն է «Փարէ Տի Քոնիլիանօ արուեստական մսուր» ընկերակցութեան։

Ամբողջութեամբ փայտէ շինուած Սուրբ Պետրոսի հրապարակի Մսուրը կազմուած է 1.80 մեթր բարձրութիւն ունեցող 20-25 արձաններէ եւ ի յիշատակ 2018-ի աղէտալի փոթորիկին, անոր մէջ զետեղուած են փոթորիկէն կործանուած ծառերու կտորներ։

Տօնածառն ու մսուրը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը մնան մինչեւ 13 յունուար 2020 որ Լատինաց մօտ կը զուգադիպի մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2019, 08:36