Որոնել

Կարդինալ Այզօ Կիսոն եւ դատախազ Մուհամմատ Ապտ ալ Սալամ Կարդինալ Այզօ Կիսոն եւ դատախազ Մուհամմատ Ապտ ալ Սալամ 

Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Թայէպ աւագ իմամին ՄԱԿ-ի ներկայացուցած առաջարկը:

Հանդիպումի ընթացքին ՄԱԿ- Քարտուղարը իր բարի տրամադրութիւնն ու գնահատանքը յայտնելով ընդգծած է աշխատանքի կարեւորութիւնը՝ համայն մարդկութեան ծառայութեան ի սպաս:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ալ Թայէպ Աւագ Իմամը ՄԱԿ-ին առաջարկած ներկայացուցած են յառաջիկայ 4 փետրուարը յայտարարել եղբայրութեան համաշխարհային օրը:  

Ունկնդրէ լուրը

Նշեալ առաջարկը Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի քարտուղարին յանձնած է մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին նպատակներու հետապնդելու գծով հիմնուած բարձրագոյն կոմիտէին անդամները՝ Կարդինալ Այուզօ Կիսօ եւ Դատախազ Մուհամմատ Ապտէլ Սալա որոնք Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին հետ, որուն յանձնած են Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհար աւագ Իմամ Ահմէտ Ալ Թայէպի պատգամը:

Հանդիպումի ընթացքին ՄԱԿ- Քարտուղարը իր բարի տրամադրութիւնն ու գնահատանքի յայտնելով  ընդգծած է աշխատանքի կարեւորութիւնը՝   համայն մարդկութեան ծառայութեան ի սպաս

Անթոնիօ Կութիերես,  ապա ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խորհրդատու նշանակած է Ատամ Տինքի  հետեւելու համար առաջարկուած գործունէութիւններուն եւ գործակցելու Բարձրագոյն կոմիտէին հետ

Բարձրագոյն կոմիէն հիմնուած է անցեալ 20 օգոստոսին,  ունի որպէս նպատակ  հետապնդել մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին մէջ պարունակուած նպատակներուն՝  իրականացնելով զանոնք: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2019, 12:07