Որոնել

Պաղեստինէն առնուած լուսանկար Պաղեստինէն առնուած լուսանկար 

Սուրբ Աթոռը վերահաստատեց, Իսրայէլի եւ Պաղեստինի համար «երկու Պետութիւններ եւ երկու ժողովուրդներ» միակ ուղին

երկու պետութիւնները իրաւունք ունին խաղաղ եւ ապահով վայրերու մէջ ապրելու իրաւունքը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռը հաղորդագրութեամբ մը անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու՝ Պաղեստինի տարածքներու մէջ իսրայէլեան բնակավայրերու օրինականութեան հայող  վերջերս կատարած յայտարարութեան:

Հաղորդագրութեան մէջ Սուրբ Աթոռը, Իսրայէլի եւ  Պաղեստինի միջեւ հարցի լուծման համար դարձեալ վերահաստատեց  «երկու պետութիւններ երկու ժողովուրդներ» լուծումը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ, Միացեալ Նահանգներու վերոնշեալ յայտարարութիւնը աւելիով կը խաթարէ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը,  ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի դիւրաբեկ կացութիւնը:

Սուրբ Աթոռը իբրեւ միակ լուծում առաջարկած է , երկու պետութիւններ, երկու ժողովուրդներ ուղին,  տարածաշրջանի խաղաղութեան համար:

Սուրբ Աթոռը ապա  իր զօրակցութիւնը յայտնելով Իսրայէլի Պետութեան ՝ միջազգային հանրութեան կողմէ ճանչցուած սահմաններուն մէջ խաղաղ և ապահով ապրելու իրաւունքը, նկատել տուած է, որ այդ նոյն իրաւունքը կը պատկանի նաեւ  պաղեստինցիներուն, շեշտելով որ այդ իրաւունքը  ճանչցուի, յարգուի ու իրագործուի »:

Սուրբ Աթոռը ապա մաղթանք յայտնած է, որ երկու կողմեր բանակցութեան ուղիով եւ միջազգային հանրութեան զօրակցութեամբ,  կարենան  լուծումներ գտնել,  նկատի առնելով երկու ժողովուրդներուն օրինական ձգտումները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2019, 10:57