Որոնել

Ափրիկեցի աշակերտներ Ափրիկեցի աշակերտներ 

Սուրբ Աթոռը վաւերացուց Ատիս Ապեպայի պայմանագիրը՝ բարձրագոյն կրթութեան վերաբերեալ:

ՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ Ափրիկեան երկիրներուն մէջ իրաւական ճանաչում կը ստանան Սուրբ Աթոռի համալսարաններուն եւ դպրոցներուն կողմէ թողարկուած վկայականները:

Անցեալ 15 նոյեմբեր 2019-ին, Փարիզի մէջ գումարուած ՈՒՆԵՍՔՕ-ի 40-րդ ընդհանուր նստաշրջանին, Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Ֆրանչէսքօ Ֆոլլօ , ՈՒՆԵՍՔՕի  ընդհանուր տնօրէնին  յանձնած է Ատիս Ապեպայի,  Սուրբ Աթոռի համալսարաններուն եւ կրթական կեդրոններուն վկայականներու իրաւական ճանաչումին հայող պայմանագիրը :  

Սոյն պայմանագիրով ՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ, Ափրիկեան երկիրներուն մէջ  իրաւական  ճանաչում կը ստանան Սուրբ Աթոռի համալսարաններուն եւ դպրոցներուն կողմէ թողարկուած վկայականները:  Հետեւաբար  Սուրբ Աթոռի համասպրանները կամ դպրոցները աւարտած աշակերտները հնարաւորութիւն պիտի ունենան աշխատելու եւ ուսանելու ՈՒՆՍԵՔՕ անդամ ափրիկեան այլ երկիրներուն մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2019, 13:49