Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Եւ աւագ իմամին ընկերացող պատուիրակութեան անդամները: Ֆրանչիսկոս Պապ Եւ աւագ իմամին ընկերացող պատուիրակութեան անդամները: 

Ֆանչիսկոս Պապ ընդունեց Ալ Ազհար համալսարանի Ահմէտ Ալ Թայէպ աւագ իմամն ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները:

Ալ Ազհար աւագ իմամն ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցած են մարդկային եղբայրութեան փաստատուղթին իրականացման համար հիմնուած բարձրագոյն կոմիտէի նոր ծրագիրները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, ուրբաթ, 15 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ալ Ազհար համալսարանի Ահմէտ Ալ Թայէպ աւագ իմամն ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները:

Ալ Ազհար աւագ իմամին ընկերացած էին Արաբական միացեալ թագաւորութիւններու փոխ վարչապետ Տիար Սէյֆ Պին Զայէտ Ալ Նահեանը,  Սուրբ Աթոռի մօտ Եգիպտոսի հանրապետութեան դեսպան Տաիր Մահմուտ Սամը եւ Ալզհար համալսարանի եւ  նաեւ մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին իրականացման համար  հիմնուած Բարձրագոյն կոմիտէի կարգ մը ներկայացուցիչները:

Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալզհարի աւագ իմամին միջեւ հանդիպումի ներկայ գտնուած են  նաեւ Քահանայապետական միջկրօնական երկխօսութեան խորհուրդի նախագահ կարդինալ Անճէլ Այուզօր Կիսոն եւ Ֆրանչիսկոս Պապին քարտուղար Գերապայծառ Եոաննին Լահզի Կաիտը:

Սիրալիր մթնոլորտին մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին,  քննարկումի նիւթ եղած է թուայնային աշխարհէն ներս անչափահասներուն պաշտպանութեան հայող հարցեր,  յիշուած է ֆրանչիսկոս Պապին վերջերս արաբական միացեալ թագաւորութիւններ կատարած ճամբորդութիւնը:

Զրոյցի նիւթ եղած է նաեւ Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթի իրականացման համար, հիմնուած բարձրագոյն կոմիտէի կողմէ  ձեռնարկուած նոր ծրագիրները:    

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած ա է նաեւ որ Բարձրագոռն կոմիտէի անդամները,  Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցած են միեւնոյն կոմիտէի նոր անդամ Տիկին Իրինա Ժորժէւա Պոքովան:  Անոնք Ֆրանչիսկոս Պապին ցուցադրած են նաեւ «Աբրահամի տուն» ծրագիրը որուն բացումը կատարուեցաւ անցեալ Սեպտեմբեր ամսոյն Նիւ Եորքի մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2019, 12:22