Հայր Խուան Անթոնիօ Կուերրեօ Ալվես Հայր Խուան Անթոնիօ Կուերրեօ Ալվես 

Տնտեսութեան Քարտուղարութեան կառավարիչի անուանում։

Հայր Խուան Անթոնիօ Կուերրեօ Ալվեսը անդամ է Յիսուսեան Միաբանութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 14 նոյեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որպէս Սուրբ Աթոռի տնտեսութեան քարտուղարութեան կառավարիչ անուանեց Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ ու Միաբանութեան ընդհանուր խորհրդատու Հայր Խուան Անթոնիօ Կուերրեօ Ալվեսը։ Ան կը յաջորդէ Կարդինալ Փելին։

Հայր Խուան Անթոնիօ Կուերրերօ ծնած է Սպանիյաի Մերիտա քաղաքին մէջ 20 ապրիլ 1959-ին։ Յիսուսեան միաբանութեան անդամակցած է 1979-ին ու Քահանայ ձեռնադրուած է 30 մայիս 1992-ին։ Ան աւարտած է Մատրիտի ինքնավար համալսարանի Տնտեսութեան մասնաճիւղը։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2019, 12:00