Տիար Քարմելօ Պարպակալլօ Տիար Քարմելօ Պարպակալլօ 

Վատիկանի Ֆինանսական հետախուզութեան մարմնի նոր նախագահի անուանում։

Տիար Քարմելօ Պարպակալլոն դարձաւ Վատիկանի Ֆինանսական հետախուզութեան մարմնի նոր նախագահ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 27 նոյեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կատարած նոր նշանակումներու շարքին Տիար Քարմելօ Պարպակալլոն դարձաւ Վատիկանի Ֆինանսական հետախուզութեան մարմնի նոր նախագահ։

Ունկնդրէ լուրը

Ան երկար տարիներ իր մասնագիտական ծառայութիւնը մատուցած է Իտալիոյ «Banca d’Italia» Կեդրոնական Դրամատան մէջ հասունցուելով  դրամատուներու վերահսկողութիւն ոլորտի ծիրէն ներս մեծ փորձառութիւն։ 2014էն ի վեր ան նշանակուած էր «վերահսկողութեան գրասենեակի» ղեկավար։

Ի լուր նշանակումին Տիար Պարպակալլօ Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց թէ իրեն  համար մեծ պատիւ է ընդունիլ այդ անունումը, շնորհակալութիւն յայտնելով Սրբազան Հօր իր անձին նկատմամբ ցուցաբերած վստահութեան համար։

«Պիտի ջանամ իմ քառասուն ամեայ փորձառութիւնս դնել  ի ծառայութիւն  «Ֆինանսական հետախուզութեան մարմնին» ըսաւ Պարպակալլօ տնտեսական հետախուզութեան միջազգային համակարգին վստահացնելով ամէն կերպի համագործակցութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2019, 13:00