Գերապայծառ Քաչչա Գերապայծառ Քաչչա 

Գերապայծառ Քաչչա ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ:

Իր բազմաթիւ առաքելութիւններու շարքին ան՝ 16 Յուլիս 2009էն մինչեւ 2017 պաշտօնավարած է նաեւ որպէս Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 16 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ գերապայծառ Պերնարտիթօ Սուզայի որպէս յաջորդ՝ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ նշանակեց գերապայծառ Գաբրիէլէ Ճորտանօ Քաչչան որ մինչեւ օրս կը վարէր Ֆիլիփինի մօտ առաքելական նուիրակի պաշտօնը։

Գերապայծառ Քաչչա  ծնած է 24 փետրուար 1958-ին, Քահանայ ձեռնադրուած է 11 յունիս 1983-ին Կարդինալ Քարլօ Մարիա Մարթինի ձեռքով։ Իր բազմաթիւ առաքելութիւններու շարքին ան՝ 16 Յուլիս 2009էն մինչեւ 2017 պաշտօնավարած է նաեւ որպէս Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ։  Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի օրով 12 սեպտեմբեր 2009-ին։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2019, 13:00