Գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզա Գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզա 

Հակամարտութիւններու եւ կենսոլորտի չարաշահումին առընչութիւնը

Իր զեկոյցին մէջ Գերապայծառ Աուզա անդրադարձած է միջազգային իրաւունքի, կենսոլորտի եւ պետական պաշտօնեաներու անձեռնմխելիութեան հայող քանի մը կէտերու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, Գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզա, զեկոյց մը ուղղած է ՄԱԿի 74րդ ընդհանուր ժողովի առիթով, ուր ներկայացուցած է բարոյական մօտեցում մը՝ դիմագրաւելու համար այն մարտահրաւէրները, որոնք յառաջ կու գան զինեալ հակամարտութիւններէ եւ ծովու մակերեսի բարձրացումէն։

Իր զեկոյցին մէջ Գերապայծառը անդրադարձած է միջազգային իրաւունքի, կենսոլորտի եւ պետական պաշտօնեաներու անձեռնմխելիութեան հայող քանի մը կէտերու։

Ունկնդրէ լուրը

Գերպ. Աուզա յայտնած է Սուրբ Աթոռի գոհունակութիւնը որ որդեգրուած են շարք մը ծրագիրներ պաշտպանելու կենսոլորտը՝ զինեալ հակամարտութիւններու ծիրէն ներս։ ՄԱԿի միջազգային իրաւունքի յանձնաժողովը խթանած էր պետութիւնները որ դիմագրաւեն այս խնդիրը։ Գերպ. Աուզա յիշեցուցած է ՄԱԿի՝ կենսոլորտի մասին հրապարակած տեղեկատուութիւնը, ուր կը յիշուի թէ 1990 թուականէն սկսեալ առնուազն 18 բուռն հակամարտութիւնները արծարծուած են բնական հումքերու շահարկումէն։ Այս կը նշանակէ, թէ վերջին 60 տարիներուն պետութիւններու միջեւ կայացած բոլոր հակամարտութիւններու 40 տոկոսը առընչուած է բնական հումքերու, որոնց կարգին փայտ, թանգակին մետաղներ եւ ջուր։

Վերջապէս անդրադառնալով պետական պաշտօնեաներու անձեռնմխելիութեան հարցին, Գերապայծառ Աուզա կոչ ուղղած է որ գտնուի հաւասարակշռութիւն մը պետական պաշտօնեաներու առանձնաշնորհումներու եւ պատասխանատուութեան միջեւ։ Այս կոչը կը յիշեցնէ, թէ պէտք է կենդրոնանալ անձեռնմխելիութեան հետ կապուած դատավարական հարցերու վրայ, որոնց կարգին ժամկէտներու, աղերսի եւ յետսկոչումի, միաժամանակ պահպանելով լոկ ինքնիշխանութեան հարցերը։

Այստեղ հարցը մարտահրաւէրներու մասին է, որոնք յառաջացած են ինքնիշխանութեան վերաբերեալ տարակարծիք մտահոգութիւններէ, ինչպէս նաեւ ոչ միայն անպատժելիութենէն այլ նաեւ քաղաքական պատճառներ ունեցող դատական գործընթացներէ խուսափելու ցանկութենէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2019, 09:02