Որոնել

Գերապայծառ Աուզա Գերապայծառ Աուզա 

Գերապայծառ Աուզա .Տեղ տալ կիներուն՝ աշխարհի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան գործընթացէն ներս:

ՄԱԿ թիւ 1325 բանաձեւին որդգերումէն ետք, աշխարհի շատ մը երկիներուն մէջ կիներուն ձայնը առ աւելիով լսելի դարձած է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի տես, կիներու, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար, ՄԱԿ-ի թիւ 1325 բանաձեւին որդեգրման  25 ամեակին,  երեշքշաբթի, 5 նոյեմբերին, ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց նիստ մը, որուն ելոյթ ունեցողներուն շարքին զեկուցեց նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ Գերապայծառ Պերնատիթօ Արք. Աուզան:  

ՄԱԿ-ի վերոնշեալ  բանաձեւը վաւերացուած  է 31 հոկտեմբեր 2010-ին: 

Ունկնդրէ լուրը

Արքեպիսկոպոս Աուզա զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ կիներուն պաշտպանութեան ի խնդիր ,ՄԱԿ թիւ 1325 բանաձեւին, նշելով, թէ այդ օրէն ի վեր բազմաթիւ քայլեր արձանագրուած են եւ աշխարհի շատ մը  երկիներուն մէջ կիներուն ձայնը առ աւելիով լսելի դարձած է, ինչպէս նաեւ կիներու նպաստը աճած է, աշխարհի  խաղաղութեան եւ համերաշխութեան գործընթացէն ներս:

Գերապայծառ Աուզա ապա ընդգծեց, թէ  տակաւին շատ բաներ կան ընելիք իգական սեռի ներկայացուցչութիւնը բազմապատկելու համար:  

Ան նկատել տուաւ որ կիները յաճախ բռնութեան առաջին զոհերն են:Կիները հակամարտութիւններէն ամենէն  շատ տուժուածներն  են,  դատապարտուելով գաղթի ճամբան բռնելու եւ զրկուելով էական ծառայութիւններէ ու բարիքներէն:

Գերապայծառ Աուզա ապա հրամայական նկատեց կիներուն դէմ բռնութիւններու դատապարտումը:  Ան նշեց թէ կարիքը կայ մեծ ջանքերուն ՝կասեցնելու համար ոճրային արարքները եւ  ոճրագործները  արդարադատութեան յանձնելու:

Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը ելոյթին ընդգծեց, թէ  կիները  խաղաղութեան եւ համերաշխութեան դերակատարներ են՝ ընտանիքներուն եւ հասարակութիւններու ներքեւ:  Սակայն կիները ստէպ  բացառուած են խաղաղութեան կերտման համար ՝լուծումներ գտնելու  բանակցութիւններէն եւ յայտագիրներէն:

Ան շեշտեց կիներու մասնակցութիւնը ու  անոնց կարողութիւններուն օգտագործումը՝ խաղաղութեան կերտման  եւ ընկերութեան բարելաւման   գործընթացէն ներս:

Գերապայծառ  Աուզա յիշեց նաեւ  հազարաւոր կաթողիկէ կրօնաւորուհիները որոնք խրախուսուած  խաղաղութեան նոպելեան մրցանակը  արժանացած  Մայր Թերեզա Քալքութայէն , կ՝աշխատին աշխարհի բոլոր վայրերէն ներս,  խթանելու համար կիներուն արժանապատուութիւնն ու ազատագրումը եւ՝ կառուցելու եւ պահպանելու համար խաղաղ ընկերութիւններ:

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը զրոյցի աւարտին, ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց որպէսզի խօսքերէն անդին երթան եւ իրականացնեն գործեր՝  խաղաղութեան գործընթացէն ներս կիներուն ներառման ի խնդիր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2019, 11:06