Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօ 

Գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոյի «Սահմանի վրայ» նոր գիրքը:

Գրքին մէջ կարեւոր երկու գաղափարներու կը հանդիպինք՝ «սահման» եւ «երկխօսութիւն»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հաղորդակցութեան միջոցներու Խորհուրդի ղեկավար՝ տիար Փաօլո Ռուֆինի, խօսելով գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոյի գրքի մասին, որուն խորագիրն է՝ «Սահմանի վրայ», կը նկատէ թէ այդ գրքի ընթերցումը մեզ կը տանի ճամբորդութեան մը դէպի մեր անձի ներսը։

Ունկնդրէ լուրը

Գիրքը, որ օրագրութեան ձեւով գրուած է, ըստ Տիար Ռուֆինիի կը ներկայացնէ իւրաքանչիւրիս կեանքը։ Ան կը նկատէ, թէ գրքին մէջ կարեւոր երկու գաղափարներու կը հանդիպինք՝ «սահման» եւ «երկխօսութիւն»։

«Եթէ մենք ժամանակ գտնենք մեր ակնարկը ուղղելու մեր կեանքէն ներս, եւ յիշելու սրտի աչքերով՝ այն ինչ, որ ապրած ենք, այն ժամանակ յստակօրէն երեւան պիտի գայ թէ ի՛նչպէս երկխօսութիւնը այն բանն է, որ կը փնտռենք, եւ թէ ի՛նչպէս ʼսահմանըʼ մեր իսկ մէջն է։ Պէտք է մե՛նք բնորոշենք սահմանը բարիի եւ չարի միջեւ, ակնարկը ուղղելով դէպի ներս։ Մե՛նք ենք որ պիտի որոշենք թէ ի՛նչն է որ պէտք է մեր սրտէն դուրս գայ, եւ թէ ի՛նչը մուտք պիտի գործէ այնտեղ՝ ինչպէս Յիսուս կʼըսէ. «Ոչ թէ այն ինչ որ ներս կը մտնէ ................ (Մարկ Է. 15, 21-22)

Տիար Ռուֆինի կը նկատէ, թէ կարդալ Կալանթինոյի այս գիրքը կը նշանակէ մասամբ ձեռնարկել ժամբորդութեան մը մեր անձէն ներս, ճամբորդութիւն մը, որ ինքնին մերը չըլլալով, կը խօսի սակայն նաեւ մեր մասին, մեր կեանքի մասին, մեր անկարողութեան մասին՝ զանազանել կարենալու մեծն ու փոքրը, այն գաղտնիքի մասին, որ պէտք է սորվինք մանուկներէն՝ թէ ի՛նչպէս վերականգնիլ անկումէ մը ետք։

Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան միջոցներու Խորհուրդի ղեկավար՝ տիար Փաօլո Ռուֆին յիշելով քանի մը կէտեր Նունցիօ Կալանթինոյի գրքէն կʼեզրափակէ, թէ այս գիրքը մեզի կʼօգնէ տեսնել անմիջականէն անդին, ներկայէն անդին, որ վտանգուած է ենթարկուելու մոռացութեան եւ ըլլալու երկիւղալի։ Մեզի կը սորվեցնէ վախ չունենալ, չփակուիլ փոքր աշխարհներու հանգստաւէտութեան մէջ՝ զոր տարակերպօրէն համաշխարհայնացումը կը կառուցէ անխոնջ կերպով, մեզի արգելք ըլլալով տեսնել ուրիշները՝ եթէ ճշգրտօրէն մեզի նման չեն։ Այս օրագրութիւնը մեզի կʼըսէ՝ չյանձնուիլ այն գաղափարին, թէ միա՛կ ճակատագիրը, որ մեզի կը սպասէ այն է՝ ապրիլ առանց տեսնելու, ինչպէս կոյրեր՝ առաջնորդ կոյրերու. մեզի կʼըսէ անքաղաքակրթութեան դէմ չպայքարիլ՝ ինքնին ըլլալով անքաղաքակիրթ, անձի պաշտպանութիւնը չշփոթել ուրիշի մերժումին հետ, ուրիշի խոնարհեցումը՝ անձի հաստատումին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2019, 11:50