Որոնել

Պենետիկտոս ԺԶ Պապը Պենետիկտոս ԺԶ Պապը 

Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապին շնորհաւորական նամակը միջազգային աստուածաբանական յանձնախումբի անդամներուն:

Նամակին մէջ վաստակաւոր Պապը անդրադարձ կատարած է յանձնախումբին պատմութեան ու անոր իրենց նպաստը բերող Աստուածաբաններուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապը, 29 հոկտեմբեր 2019 թուակիր նամակով մը շնորհաւորած է Աստուածաբանական միջազգային յանձնախումբի ստեղծման 50 ամեակը:

Աստուածաբանական միջազգային յանձնախումբի անդամներուն ուղղած շնորհաւորագիրին մէջ Վաստակաւոր Քահանայապետը փոխանցելով իր ջերմ ողջոյններն ու օրհնութիւնը յանձնախումբի անդամներուն, նշած  է, որ եկեղեցւոյ ծոցին մէջ ծնած  Եպիսկոպոսներուն սինոդը եւ Աստուածաբանական միջազգային յանձնախումբը պարգեւներն են Պօղոս Զ Պապին՝ հաստատելու եւ շարունակելու համար Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովին  փորձառութիւնները: Ան ապա նամակին մէջ անդրադարձ կատարած է  յանձնախումբին պատմութեան ու անոր իրենց նպաստը բերող Աստուածաբաններուն:  

Վաստակաւոր Պապը նամակը աւարտած է դիտել տալով, որ Միջազգային Աստուածաբանական յանձնախումբի աշխատանքը, իրեն համար ուրախութեան պատճառ դարձած է՝ հանդիպելու տարբեր լեզուներու եւ տարբեր միտքերու հետ:

Պենետիկոս ԺԶ վաստակաւոր Պապին շնորհաւորական նամակը ամբողջութեամբ կարդալու համար սեղմել այստեղ:

http://www.vatican.va/roman_curia/congregations/cfaith/cti_documents/rc_cti_20191022_saluto-bxvi-50ann-cti_it.html

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2019, 11:40