Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլինի հարցազրոյցը Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Թայլանտ եւ Ճափոն կատարելիք ճամբորդութեան վերաբերեալ:

Ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային առաքելական ճամբորդութիւններուն նպատակն է անձամբ ծանօթանալ այդ երկիրներուն իրականութիւնը, եւ անձամբ հանդիպիլ հոն ապրող քրիստոնեայ հասարակութիւններուն հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Թայլանտ եւ Ճափոն կատարելիք միջազգային 32-րդ ճամբորդութեան սեմին, Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Վատիկանի նիւզի հետ ունեցած հարցազրոյցին մը ընթացքին անդրադարձաւ նշեալ երկիրներուն մէջ ֆրանչիսկոս Պապին շօշափելիք նիւթերուն: 

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Փարոլին նշեց, թէ  ֆրանչիսկոս Պապ միջազգային  առաքելական ճամբորդութիւններուն նպատակն  է անձամբ ծանօթանալ այդ երկիրներուն իրականութիւնը,  եւ անձամբ հանդիպիլ հոն ապրող քրիստոնեայ հասարակասիրութիւններուն հետ,  զանոնք քաջալերելով  եւ վերահաստատելով իրենց քրիստոնէական հաւատքին մէջ:

Թայանտի  մէջ ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը պիտի դնէ միսիոներական առաքելութեան վրայ, տրուած ըլլալով որ Թայլանտի մէջ աւետարանումի առաջին միսիոնարը եղած է Յիսուսեան  միսիոնար մը ՝ 16 դարուն կէսին: Ապա Թայլանտ՝ աւետարանումի առաքելութեամբ ժամանած են այլ Տոմինիքեան եւ Ֆրանչիսկեան միսիոնարներ, ըսաւ Կարդինալ Փարոլին:

Ինչ կը հայի ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Ճափոն կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան,Կարդինալ Փարոլին նշեց, թէ Ճափոնի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  պիտի խօսի ադոմական ռումբերուն վտանգին մասին, կոչ պիտի յղէ զինաթափումի ի սպաս, քաջալերելով կեանքի պաշտպանութիւնը:

Ֆրանչիկսոս Պապ Ճափոնի մէջ պիտի շօշափէ նաեւ արարչագործութեան եւ հասարակաց տան պաշտպանութեան հայող նիւթեր, քաջալերելով  խաղաղութեան ուղիներու որոնումը:

Հարցազրոյցի աւարտին Կարիդինալ Փարոլին նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ Թայլատնի եւ Ճափոնի մէջ կ՝ուզէ իր նեցուկութիւնը ցուցաբերել հաւատացեալներուն, կիսելով  անոնց հետ կեանքի ուրախութիւնները, յոյսերը, սպասումներն ու  տխրութիւնները: Ան տեղական եկեղեցիներուն հետ հանդիպումով, կ՝ուզէ  իր հօտին ընկերանալ փոխանցելով հաւատացեալներուն իր սիրտի պատգամը, որոնք վաւեր են նաեւ համայն աշխարհի եւ համայն եկեղեցւոյ: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2019, 17:03