Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Արաբական Միացեալ թագաւորութիւններուն գահաժառանգ իշխանի միասնական յայտարարութիւնը համաշխարհային առողջապահութեան վերաբերեալ:

Միջավայրը ուր ամենէն շատ հիւանդութիւններ կը յայտնաբերուին, յաճախ խոցելիներուն եւ աղքատներուն միջավայրն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի տես, Ապու Տապիի մէջ գումարուելիք, հիւանդութիւններուն դէմ պայքար մղող աշխարհի ղեկավարները համախմբող համագումարին, ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ապու Տապիի գահաժառանգ Պին Զայէտ Ալ Նահեան, իշխանը , միասնական յայտարարութեամբ մը իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են, բարելաւելու համար , կարիքաւորներուն եւ աշխարհի անբարենպաստ տարածքները ապրող մարդոց առողջապահական վիճակը:

Ունկնդրէ լուրը

Միացեալ Թագաւորութիւններուն մէջ Պապական նուիրակ, գերապայծառ Մոնթէչիլլօ Փատիլլա եւ Գահաժառանգ իշխանի դատական ատեանի ենթաքարտուղար Մաուհամետ Մուպարաք Ալ Մազրուէի ստորագրութիւնները կրող միասնական յայտարարութեան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ապու Տապիի իշխանը վերահաստատած են փոխադարձ համագործակցութիւնը, կարիքաւոր հասարակութիւններուն առողջապահութեան բարելաւման ոլորտէն ներս:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ սոյն համագործակցութիւնը ծնած է այն համոզմունքէն, որ իւրաքանչիւր անձ իրաւունք ունի արժանավայել եւ առողջ կեանք ապրելու:

Միջավայրը ուր ամենէ շատ հիւանդութիւններ կը յայտնաբերուին, յաճախ խոցելիներուն եւ աղքատներուն միջավայրն է գրուած է յայտարարութեան մէջ ապա հրաւէր ուղղուած է վերանորոգելու ամէն ջանք, խթանելու համար առողջապահական, կրթական եւ ընկերային ծրագիրները:

Միասնական յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղուած է նաեւ միջազգային հասարակութեան որպէսզի իրականացուի համագործակցութիւն մը, հասնելու համար խոցելի ժողովուրդներուն, յատուկէն ուշադրութիւն ընելով այն հիւանդութիւններուն, որոնք աղքատները թիրախ կը դարձնեն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2019, 10:01