Պատէն անդին անցնող ալիքները՝ Քահանայապետի Ռատիոն եւ 1989ի նոյեմբերի 9ը

1989ի նոյեմբերի 9ը միշտ պիտի մնայ յիշատակելի օր, երբ Պերլինի ժողովուրդը կը վերագտնէր «ազատութիւն»ը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պերլինի պատի անկումը նաեւ Վատիկանի Ռատիոյին համար յիշատակելի դէպք մըն է։ Ռատիոյի աշխատակիցները անխոնջ կերպով կատարած են իրենց պարտականութիւնը միշտ հակառակ կեցուածք ցուցաբերելով ամբողջատիրականութեան դէմ։

1989ի նոյեմբերի 9ը միշտ պիտի մնայ յիշատակելի օր, երբ Պերլինի ժողովուրդը կը վերագտնէր «ազատութիւն»ը։ Այդ օրը մեծ էր նաեւ խանդավառութիւնը եւ ուրախութիւնը Վատիկանի Ռատիոյի գրասենեակներէն ներս։ Ռատիոյի շէնքի առաջին յարկին վրայ կը գտնուէին արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու լեզուներու գրասենեակները, որոնց կարգին նաեւ հայերէնը։ Այդ յարկի վրայ յատուկ ուրախութիւն մը կը տիրէր։

Այդ անցուդարձներուն մէջ անուրանալի է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի վաստակը, որ 1979ին այց կատարած էր դէպի Լեհաստան։

1978 նոյեմբերի 5ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը կը յայտարարէր. «Այլեւս գոյութիւն չունի լռող Եկեղեցին, ան հիմա կը խօսի Քահանայապետի բերնով»։ Վատիկանի Ռատիոն իր կարգին անխոնջ կերպով կը սփռէ Քահանայապետի խօսքերը, հաւատացեալներուն կը հաղորդէ ծիսական արարողութիւններ, Եկեղեցւոյ ուսուցումը, Աստուածաշունչի ծանօթութիւն, սուրբերու վարքեր, քրիստոնէականի ուսուցում մանուկներու եւ չափահասներուն, Եկեղեցւոյ կեանքի անցուդարձները, ինչպէս նաեւ ուսուցում մարդկային իրաւունքներու, արդարութեան, ապազինումի, մշակութային եւ արուեստի հարցեր։ Ռատիոյի ձայնը մուտք կը գործէր հազարաւոր ընտանիքներէն ներս։ Երկաթեայ վարագոյրի ետին, զանազան երկիրներու մէջ, բազմաթիւ մարդիկ կը հետեւէին Վատիկանի Ռատիոյի լուրերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2019, 09:39