Սուրբ Աթոռի Ֆինանսական հետախուզութեան մարմին Սուրբ Աթոռի Ֆինանսական հետախուզութեան մարմին 

Ֆինանսական հետախուզութեան մարմնի նախագահը աւարտեց իր պաշտօնը։

Սուրբ Աթոռի Ֆինանսական հետախուզութեան մարմինը ստեղծուած է 2010 թուականին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի օրով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 18 նոյեմբերին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ տեղեկացուեցաւ թէ Ֆրանչկիսկոս Պապը ի տես Ֆինանսական հետախուզութեան մարմնի նախագահ՝ Ռընէ Պրուելարթի պաշտօնի աւարտին, շնորհակալութիւն յայտնելով անոր այս տարիներուն մատուցած ծառայութիւններուն համար, անոր տեղ նշանակած է միջազգային համբաւ ունեցող նոր նախագահ, որուն անունը պիտի յայտարարուի Քահանայապետին Թայլընտ եւ Ճափոն կատարելիք առաքելական ճամբորդութենէն ետք։

Ունկնդրէ լուրը

Սոյն անուանումի յետաձգելիութիւնը կախեալ է այժմու նախագահի ազգային ու միջազգային գետնի վրայ պաշտօնական մի քանի գործունէութիւնները իրենց աւարտին հասցնելու հարցին հետ։

 Սուրբ Աթոռի Ֆինանսական հետախուզութեան մարմինը ստեղծուած է 2010 թուականին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի օրով։ Անոր գործունէութիւնը ամրապնդուած  է ապա Ֆրանչիսկոս Պապին օրով։ Հաստատութեան պարտականութիւնն է նախ ֆինանսական տեղեկատուութիւն մատուցել ապա հսկել՝ կանխարգիլելու ու հակազդելու ու պայքարելու դրամի լուացումի ու ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումին դէմ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2019, 09:06