Կեանքը ու բժշկութիւնը Կեանքը ու բժշկութիւնը 

Աբրահամեան միաստուածեան կրօններու «Կեանքի աւարտին» հայող միասնական յայտարարութիւնը։

Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է որ միաստուածեան կրօնները կը հակառակին «ամէն տեսակ հեշտամահի ձեւերուն», ինչպէս նաեւ «բժշկական օգնութեամբ անձնասպանութեան»:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 28 հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Վատիկանի Պիոս Դ-ի անուան կեդրոնին մէջ կայացած յատուկ արարողութեամբ, Աբրահամեան Միաստուածեան կրօններու ներկայացուցիչները ստորագրեցին «կեանքի աւարտին» հայող միասնական յայտարարութիւն մը։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ արարողութեան աւարտին բոլոր ներկաները առիթը ունեցան առաքելական պալատին մէջ հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է որ միաստուածեան կրօնները կը հակառակին «ամէն տեսակ հեշտամահի ձեւերուն», ինչպէս նաեւ «բժշկական օգնութեամբ անձնասպանութեան», որովհետեւ անոնք մարդկային կեանքի արժէքին հակառակ արարքներ են ու սխալ են «ըլլայ բարոյական, ըլլայ կրօնական տեսակէտով» ու պէտք է «առանց բացառութեան արգիլուին»։

Յայտարարութեան մէջ մատնանշուած է նաեւ արհեստագիտութեան, «որուն շնորհիւ կեանքը երկարեցաւ, սակայն անոր հետ յաճախ նաեւ կայ ցաւ ու տառապանք»։

Յայտարարութիւնը կը մատնանշէ նաեւ հիւանդ - բժիշկ յարաբերութեան փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ հիւանդին նկատմամբ մօտեցումին, ու այդ առընչութեամբ առնուած որոշումներուն, որոնք  լոկ գիտաբժշկական բնոյթ չունին, այլ «ընկերային, բարոյական, կրօնական օրէնսդրական ու մշակութային բնոյթ»։ Մինչ միաստուածեան կրօններու չափանիշերը միշտ ալ չեն համապատասխաներ ներկայ աշխարհական մարդկայնական համակարգի արժէքներուն։

Անդրադառնալով  մահացու հիւանդին՝ կը նշուի թէ հարկաւոր է անոր հանդէպ ունենալ գթութեան կեցուածք ու միւս կողմէ, երբ մահը մօտալուտ է, արդարացի է հրաժարիլ բժշկական որոշ խնամակալական դարմանումներէ, որոնք ուրիշ բան չեն ընէր եթէ ոչ երկարացնել կեանք մը, որ արդեն դիւրաբեկ է, ծանր ու ցաւալի», ու այդ ծիրէն ներս անհրաժեշտ կը նկատուի շարունակել ամէն ջանք դափել, սփոփանք նուիրելու ու ցաւերը պատշաճօրէն հանդարտեցնելու, ինչպէս նաեւ հիւանդին ու անոր ընտանեկան պարագաներուն շնորհելու՝ զգացմունքային եւ հոգեւոր աջակցութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2019, 12:30