Որոնել

«Տէրը քեզմէ կը խնդրէ որ դառնաս պարգեւ» «Տէրը քեզմէ կը խնդրէ որ դառնաս պարգեւ» 

«Տէրը քեզմէ կը խնդրէ որ դառնաս պարգեւ» Ֆրանչիսկոս Պապին 21 հոկտեմբերի թուիթը։

Հոկտեմբեր ամիսը նուիրուած է միսիոներականութեան ու ամսուայ վերջընթեր կիրակին կը նշուի Միսիոներականութեան համաշխարհային օրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Միսիոներական այս ամսուայ ընթացքին Տէրը կոչ կ՛ուղղէ  նաեւ քեզի. Քեզմէ կը խնդրէ որ դառնաս պարգեւ այնտեղ ուր որ ես, այնպէս ինչպէս որ ես եւ քու մօտդ եղողներուն համար։ Քաջութիւն Տէրը քեզմէ շատ կը սպասէ»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին երկուշաբթի 21 հոկտեմբեր 2019-ին հրապարակած թուիթը, որուն մէջ հրաւէր կ՛ուղղէ բոլոր հաւատացեալներուն դառնալու պարգեւ ու  վկայելու Աւետարանը։

Ունկնդրէ լուրը

Հոկտեմբեր ամիսը արդարեւ նուիրուած է միսիոներականութեան ու ամսուայ վերջընթեր կիրակին կը նշուի Միսիոներականութեան համաշխարհային օրը որ այս տարի զուգադիպեցաւ 20 հոկտեմբերին եւ որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Սուրբ Պատարագ մատոյց Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ։

Նշենք թէ Նորին Սրբութիւնը միսիոնեարականութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակեց յաջորդական երեք թուիթներ որոնց առաջինին մէջ գրեց.

«Այս միսիոներական ամսուայ սրտին մէջ հարց տանք. Ի՞նչն է կարեւորը իմ կեանքիս մէջ։ Որոնք ենք բարձունքները որոնց կը ձգտիմ»

Երկրորդ թուիթին մէջ Սրբազան Հայրը հաստատեց « Այս է առաքելութիւնը՝ կեանքով ու նաեւ խօսքերով ցոյց տալ որ Աստուած կը սիրէ բոլորը ու երբեք չի յոգնիր եւ ոչ մէկէն»

Իսկ երրորդ թուիթին մէջ Ան  հրաւէր ուղղեց «Սիրով առաջնորդուիր դէպի բոլորը, որովհետեւ կեանքդ թանկարժէք առաքելութիւն է։ Ան բեռ մը չէ այլ պարգեւ՝ որ պէտք է նուիրուի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2019, 13:30