Ֆրանչիսկոս Պապին 10 հոկտեմբերի թուիթը՝ «Սուրբ Հոգին մեզի պարգեւէ միասին քալելու շնորհքը»։
Ինչպէս յայտնի է անցեալ 7 հոկտեմբերին Վատիկանի սիւնհոդոսական դահլիճէն ներս ընթացք առաւ Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը որ՝ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ ու 185 եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ իր աշխատանքները կը շարունակէ կանոնական կերպով, քննարկելով Ամազոնեան տարածաշրջանի եկեղեցւոյ յուզող հարցեր՝ ըլլան անոնց մարդկային, ըլլան հոգևոր, ըլլան հասարակական, ընկերային կամ բնապահպանական։
Մինչ առաջին երեք օրերուն տեղի ունեցան ընդհանուր նիստեր, այսօր՝ 10 հոկտեմբերին ու վաղը՝ 11 հոկտեմբերին, նախատեսուած են լեզուային խումբերու փոքր հաւաքներ, խորացնելու եւ վերլուծելու մինչեւ այժմ արծարծուած նիւթերը։
Հինգշաբթի 10 հոկտեմբերին Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը քահանայապետական @pontifex թուիթրըեան կայքին վրայ, հայցելով Սուրբ Հոգւոյն հովանին ու շնորհքները հրապարակեց հետեւեալ թուիթը. «Սուրբ Հոգին, որ եղբայրութեան ճարտարապետեն է , մեզի պարգեւէ միասին քալելու շնորհքը ու մեզի քաջութիւնը տայ՝ փորձարկելու համար բաժնեկցութեան եւ առաքելութեան ուղիները»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ