Որոնել

Ամացոնեան տարածաշրջանին նուիրուած սիւնոհոդոս Ամացոնեան տարածաշրջանին նուիրուած սիւնոհոդոս 

Ֆրանչիսկոս Պապին 10 հոկտեմբերի թուիթը՝ «Սուրբ Հոգին մեզի պարգեւէ միասին քալելու շնորհքը»։

«Սուրբ Հոգին, որ եղբայրութեան ճարտարապետեն է , մեզի պարգեւէ միասին քալելու շնորհքը ու մեզի քաջութիւնը տայ՝ փորձարկելու համար բաժնեկցութեան եւ առաքելութեան ուղիները»։
Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած սիւնհոդոսը

Ինչպէս յայտնի է անցեալ 7 հոկտեմբերին Վատիկանի  սիւնհոդոսական դահլիճէն ներս ընթացք առաւ Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը որ՝ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ ու 185 եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ  իր աշխատանքները կը  շարունակէ կանոնական կերպով, քննարկելով Ամազոնեան տարածաշրջանի եկեղեցւոյ յուզող հարցեր՝ ըլլան անոնց մարդկային, ըլլան հոգևոր, ըլլան հասարակական, ընկերային կամ բնապահպանական։

Ունկնդրէ լուրը

Մինչ առաջին երեք օրերուն տեղի ունեցան ընդհանուր նիստեր, այսօր՝ 10  հոկտեմբերին ու վաղը՝ 11 հոկտեմբերին, նախատեսուած են լեզուային խումբերու փոքր հաւաքներ, խորացնելու եւ վերլուծելու մինչեւ այժմ արծարծուած նիւթերը։

Հինգշաբթի 10 հոկտեմբերին Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը քահանայապետական @pontifex  թուիթրըեան կայքին վրայ, հայցելով Սուրբ Հոգւոյն  հովանին ու շնորհքները հրապարակեց հետեւեալ թուիթը. «Սուրբ Հոգին, որ եղբայրութեան ճարտարապետեն է , մեզի պարգեւէ միասին քալելու շնորհքը ու մեզի քաջութիւնը տայ՝ փորձարկելու համար բաժնեկցութեան եւ առաքելութեան ուղիները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2019, 11:41