Սիւնհոդոս Սիւնհոդոս  Խմբագրական

«Ամազոնեան դիմագիծով եկեղեցին եւ նոր առաքելութիւնները». Անտրէա Թորնիելլիի խմբագրականը։

Երկրի ու բնիկ ժողովուրդներու ճիչին կից կայ նաեւ լայնատարած շրջանի մը հասարակութեան ճիչը որ պահանջը ունի Սուրբ Հաղորդութեան եւ միւս խորհուրդներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի մէջ այս օրերուն գումարուած Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի խնդրայարոյց հարցերէն մին է՝ Լատին Եկեղեցւոյ մօտ ամուսնացեալ քահանաներ ունենալու հարցը, յատկապէս հայող Ամազոնեան տարածաշրջանին, տրուած ըլլալով որ, ինչպէս կը գրէ Վատիկանի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէնը՝  Անտրէա Թորնիելլի այս առթիւ հրապարակած  խմբագրականի մը մէջ, «Ամազոնեան տարածաշրջանի մէջ կան 500 քրիստոնեայ հասարակութիւններ, որոնք կ՛ապրին  100 հազար քառակուսի քմ տարածք ունեցող ծաւալուն տարածաշրջանի մը մէջ,  որոնց ծառայութիւն կը մատուցեն միայն տասնեակ քահանաներ, որոնք անշուշտ մեծ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուին»։

Ունկնդրէ լուրը

«Սիւնհոդոսի սրահին մէջ հնչող տարբեր զեկոյցներէն ի յայտ կու գայ թէ Ամազոնեան տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդին՝  արարչութիւնը խնամելու ու պաշտպանելու ճիչին կիզ կայ նաեւ այլ պահանջ՝ քրիստոնեայ համայնքներու պահանջը, որոնք կը փափաքին կարելիութիւնը ունենալ մօտենալու Խորհուրդներուն» կը գրէ Թորնիելլի դիտել տալով որ այդ մարդիկը իրենց հաւատքը կ՛ապրին տառապանքով  ու Ամազոնիայի աւետարանումին նուիրուած սիւնհոդոսը կանչուած է միշտ աւելիով պատասխաններ տալու բնիկ ժողովուրդներու հարցերուն,  որոնց շարքին է «հասարակութիւններու տարեցներուն քահանայական ձեռնադրութիւն շնորհելու» հարցը,  այսինքն մարդիկ որոնց ճանչցուած է ուղղամիտ հաւատքը ու ջերմեռանդական  կեանքը, որպէսզի  փոխարինեն կուսակրօն քահանաները ու քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ապահովեցնեն քրիստոնէական Խորհուրդներու մատակարարումը։ Այս մէկը նկատուելու է  բացառիկ քայլ՝ եւ ոչ «կուսակրօնութիւնը» փոխելու,  զայն վերացնելու ու կամ ընտրովի դարձնելու առաջարկ։

Թէեւ այս մէկը միակ ճանապարհը չէ։ Կայ մնայուն  սարկաւագները արժեւորելու տարբերակը, որոնք պատշաճ կերպով աշխատին կոչումներ աճեցնելու  համար բնիկ ժողովուրդներու միջեւ։ Եւ կամ աշխարհականներուն շնորհել եկեղեցական յատուկ պաշտօններ, յատկապէս կիներուն ճանչնալով բազմաթիւ կրօնաւորուհիներուն նուիրումը ի նպաստ Ամազոնեան բնիկներուն։

Հաղորդութիւնն է որ Եկեղեցին կը կազմէ ու Սուրբ պատարագը սիրտը, հիմքը ու աղբիւրն է հասարակաց կեանքին։  Անհրաժեշտ են առ այդ նոր ուղիներ՝ որոնք նախ պէտք է ներգրաւեն բնիկ ժողովուրդները, ու անհրաժեշտ են մարդիկ՝ որոնք կարող ըլլան ճանչնալու Տիրոջ պարգեւները զոր Ան շնորհեց բնիկ ժողովուրդներու անդամներուն։ Սինոդը ուղեւորութեան մէջ է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2019, 15:30